2014-05-25 08:23:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Յորդանանի մէջ ապաստանած գաղթականներուն հետ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան առաջին օրուայ խիտ յայտագիրը վերջ գտաւ Նորին Սրբութեան Բեթանիայ կատարած այցելութեամբ եւ Յորդանանի մէջ ապաստան գտած 600 սուրիացի եւ իրաքցի փախստականներուն եւ անկարներուն հետ հանդիպումով։ Բեթանիան այն վայրն է ուր Յիսուս մկրտուեցաւ։
Բեթանիա ժամանումին Սրբազան Հայրը դիմաւորեց Յորդանանի Թագաւորը` Լատիններու նորակառոյց Եկեղեցւոյ մօտ։ Սրբազան Հայրը ապա այցելեց Յորդանանի գետը ու այնտեղ պահ մը ամփոփուելէ ետք, իր նախորդներուն նման, օրհնեց գետի ջուրերը եւ ապա ստորագրեց Բեթանիայի ոսկէ մատեանը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ Լատիներու նորակառոյց Եկեղեցի ուր համախմբուած էին վերոյիշեալ գաղթականները ու անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, ընդգծեց թէ այս ճամբորդութեան ընթացքին իր կամքն էր հանդիպիլ անոնց հետ, որ արիւնալի պատերազմներու պատճառաւ, ստիպուած եղած են հեռանալ իրենց հայրենի օճախներէն ու ապաստանիլ հիւրընկալ Յորդանանի հողերուն վրայ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց Բեթանիային որ է ''Յիսուսի մկրտութեան վայրը''։ Այս վայրը գալով Յիսուս ուզեց բաժնեկցիլ մեր մարդկային իրավիճակը. Իր սիրով մեզի վերադարձուց արժանապատուութիւնը ու մեզի շնորհեց փրկութիւնը – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց Միջին Արեւելքի վէրքերուն, յատուկօրէն շեշտը դնելով Սուրիոյ վրայ ''որ երեք տարի է ի վեր, ենթակայ է եղբայրասպան պայքարի որ բազմաթիւ զոհեր խլեց եւ միլիոնաւոր մարդիկ գաղթականութեան մատնեց'' ։
Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Յորդանանի պատկան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ Յորդանանի Քարիթասին, ցուցաբերած հիւրընկալութեան եւ գործունէութեան, ի սպաս գաղթականներուն եւ փախստականներուն` առանց որեւէ կրօնական, ցեղային եւ գաղափարային խտրականութեան, որ յայտնաբերումն է ''Ողորմած Յիսուսին'' դէմագիծին։
Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց միջազգային հասարակութիւնը միայնակ չթողելու Յորդանանը ու ապա կոչ ուղղեց Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ` ''թող դադրին բռնութիւնները եւ մարդկային իրաւունքը յարգուի, ու տառապող ժողովուրդին ապահովուի պէտք եղած օգնութիւնը'' – ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով բանակցական երկխօսութեան դիմելու կարեւորութիւնը, քաղաքական լուծումի յանգելու նպատակով։
Իր ճառին աւարտին, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց երիտասարդները միանալու իրեն աղօթքներուն ` խաղաղութեան համար, ու կերտելու աւելի յարգալիր եւ լաւ աշխարհ մը։ Դուք` - ըսաւ Քահանայապետը - Աստուծոյ սրտին մէջ եւ իմ աղօթքներուս մէջ էք։ Ան ապա խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ Սուրիան գտնէ խաղաղութեան ճանապարհը։ Աստուած թող դարձի բերէ բռնարարները ու բոլոր անոնք որ պատերազմ կը ծրագրեն ու ամրապնդէ խաղաղութեան գործիչներու սրտերն ու մտքերը ու անոնց վրայ զեղու իր առատ օրհնութիւնները։
Գաղթականներուն հետ հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղուեցաւ Ամմանի Առաքելական նուիրակութիւն ուր գիշերեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.