2014-05-25 11:54:48

Սրբազան Քահանայապետը Պաղեստինի եւ Իսրայելի նախագահները հրաւիրեց Վատիկան` միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։


Բեթղեհէմի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, ''Ուրախ լեր Մարեմեան'' աղօթքէն առաջ, Սրբազան Հայրը անակնկալ հրաւէր մը ուղղեց Պաղեստինի եւ Իսրայելի նախագահներուն` Վատիկանի մէջ հանդիպելու եւ միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։
''Այս վայրին մէջ ուր ծնած է խաղաղութեան իշխանը – ըսաւ Սրբազան Հայրը - ձեզ կը հրաւիրեմ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով խաղաղութիւնը։
Ձեր տրամադրութեան տակ կը դնեմ իմ տունս` Վատիկանը միասնաբար աղօթելու խաղաղութեան համար։ Ամէնքս կը մաղթենք խաղաղութիւնը եւ կը ձգտինք անոր, առ աւելի անոնք որոնք ժողովուրդներու պատասխանատուութիւնը ունին. պարտականութիւնն ունինք ըլլալու խաղաղութեան գործիքներ եւ կերտիչներ, յատկապէս աղօթքով։ Խաղաղութեան կերտումը դժուար է, սակայն անխաղաղ կեանք ապրիլը չարչարանք է։Երկրի բոլոր մարդիկը մեզմէ կը խնդրեն Աստուծոյ առջեւ դնելու իրենց խաղաղութեան ձտգող ցանկութիւններըը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.