2014-05-24 13:46:43

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ս. Երկրին մէջ. Հանդիպում Յորդանանի իշխանութիւններուն հետ արքայական պալատին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Յորդանանի Թագաւորական Պալատի կեդրոնական սրահին մէջ հանդիպեցաւ Յորդանանի իշխանութիւններուն հետ ու անոնց ուղղած առաջին ճառին մէջ ըսաւ. ''Գոհութիւն կը մատուցանեմ Տիրոջ որ ինծի առիթ տուաւ այցելելու Յորդանանը` երկիր մը հարուստ պատմութեամբ ու հոգեւորապէս իմաստալից, հրեայ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօներու համար։ Ձեր երկիրը վեհանձնութեամբ ապաստան կը շնորհէ պաղեստինցի, իրաքցի եւ սուրիացի փախստականներուն։ Նման հիւրընկալութիւն մը արժանի է մեծարանքի ու մեծ գնահատանքի միջազգային հասարակութեան կողմէ։ Կաթողիկէ Եկեղեցին, Յորդանանի Քարիթասի միջոցաւ, իր կարելին կ'ընէ օգնութեան հասնելու կարօտեալներուն ու փախստականներուն։
Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց շրջանի մէջ գոյութիւն ունեցած լարուածութեան ու մասնաւորապէս Սուրիոյ ընդհարումին գոյատեւման ի տես։ ''Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Յորդանանի իշխանութեան տածած յանձնառումին շրջանի խաղաղութեան ի սպաս – ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց - Այդ ուղղութեամբ հարկաւոր է շտապ խաղաղ լուծում գտնել Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ որոնել արդար լուծում մը հրեայ-պաղեստինեան ընդհարումին''։
Այս բարեպատեհ առիթէն կ'օգտուիմ վերանորոգելու իմ խորին յարգանքը ու յայտնելու գնահատանքը Մահմետական հասարակութեան ինչպէս նաեւ Յորդանանի Արքային, իր առաջնորդի կատարած դերին համար, վեր պահելու եւ հռչակելու իսլամութեան առաքինութիւնները ու տարբեր կրօներու հաւատացեալներու միջեւ անդորր համակեցութիւնը։ Երախտապարտ եմ Յորդանանին որդեգրած նախաձեռնութիւններուն համար միջկրօնական երկխօսութեան ի նպաստ եւ ՄԱԿին առաջարկելուն համար ''Կրօներու միջեւ ներդաշնակութեան շաբաթ'' տարեկան հանդիսութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը իր գորովալիր ողջոյնը ուղղեց ապա քրիստոնեայ հասարակութեան, որ այդ հողին վրայ կ'ապրի քրիստոնէութեան արշալոյսէն ասդին։ Թէեւ անոնք փոքրաթիւ են, սակայն դաստիարակչական ու առողջապահական մարզերու մէջ իրենց զգալի նպաստը կը բերեն, դպրոցներու ու հիւանդանոցներու միջոցաւ։ Քրիստոնեաները երկրի լի-իրաւ քաղաքացիներն են եւ կը սատարեն ընկերութեան կերտումին մահմետական քաղաքացիներուն հետ, տալով իրենց իւրայատուկ աջակցութիւնը։ Յոյսով եմ որ իմ ներկայութիւնս ձեր մէջ կը նպաստէ բարի ու սիրալիր յարաբերութիւններու ամրապնդումին քրիստոնեաներու ու մահմետականներու միջեւ – ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ճառը եզրափակեց ըսելով. ''Շնորհակալ եմ ձեր հիւրընկալութեան, թող Ամենակալ ու Ողորմած Տէրը Ձեր Վսեմութեան շնորհէ երկար կեանք եւ Յորդանանը լիացնէ իր օրհնութիւններով` Սալամ։







All the contents on this site are copyrighted ©.