2014-05-24 10:39:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժամանեց Յորդանան։


Շաբաթ 24 մայիսի առաւօտեան ժամը 8.15 անց, Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն, Ալիթալիա ընկերութեան սաւառնակով, Ֆրանչիսկոս Պապն ու իրեն ընկերացող շքախումբը մեկնեցան դէպի Յորդանան, որ կը հանդիսանայ Սուրբ Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան առաջին հանգրուանը։
Ֆրանչիսկոս Պապը Ամմանի ''Քուին Ալիա'' օդակայան ժամանեց տեղական ժամով` 13-ին (Իտալիոյ ժամով 12)։
Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Յորդանանի մօտ առաքելական նուիրակը՝ գերապայծառ Ճորճօ Լինկուա եւ Յորդանանի Թագաւորութեան փրոթոքոլի պատասխանատուն, Ապտալլահ Թագաւորին ներկայացուցիչը` Ղազի Պին Մուհամմատ իշխանը, Երուսաղէմի Լատիներու Ֆուատ Թուալ Պատրիարքը եւ Սուրբ Երկրի պահակը Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլան ու այլ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
Սրբազան Հայրը օդակայանէն կը տեղափոխուի Ամմանի Արքայական պալատ ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը, ի ներկայութեան Յորդանանի Թագաւորին եւ Թագուհիին։
Արքայական պալատ ժամանումին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին Ապտալլահ Թագաւորը եւ Ռանիա Թագուհին որոնք ապա Սրբազան Քահանայապետի հետ միասին ուղղուեցան Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ Պատւոյ պահակախումբի դիմաւորութիւնը եւ քայլերգներու կատարումը։
Սրբազան Հայրը ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ Թագաւորական ընտանիքին հետ որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ նուէրներու փոխանակում եւ պատուիրակութիւններու ներկայացում։
Հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Թագաւորական Պալատի կեդրոնական սրահին մէջ հանդիպեցաւ Յորդանանի Թագաւորութեան կառավարական բարձր իշխանութիւններուն հետ, Յորդանանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն եւ կրօնական ներկայացուցիչներուն հետ։
Ապտալլահ թագաւորին արտասանած բարի գալուստի ճառէն ետք Սրբազան Հայրը ճառ մը ուղղեց ներկաներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.