2014-05-24 15:25:54

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Յովհ. Թ. 39- Ժ. 10


39 Յիսուս ըսաւ. “Ես այս աշխարհը եկայ` դատաստանի համար, որպէսզի չտեսնողները` տեսնեն, իսկ տեսնողները` կուրնան”:
40 Փարիսեցիներէն ոմանք, որ իրեն հետ էին, լսելով ասիկա` ըսին իրեն. “Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք”:
41 Յիսուս ըսաւ անոնց. “Եթէ կոյր ըլլայիք` մեղք չէիք ունենար. բայց հիմա կ'ըսէք. “Կը տեսնե՛նք”. ուրեմն ձեր մեղքը կը մնայ [ձեր վրայ]”:

10
1 “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը` հապա ուրիշ տեղէ կը բարձրանայ, անիկա գող եւ աւազակ է.
2 բայց ա՛ն որ դռնէն կը մտնէ` ոչխարներուն հովիւն է”:
3 Դռնապանը կը բանայ անոր, եւ ոչխարները կը լսեն անոր ձայնը. իր ոչխարները կը կանչէ [իրենց] անունով ու դուրս կը հանէ զանոնք:
4 Երբ հանէ իր ոչխարները` կ'երթայ անոնց առջեւէն, ու ոչխարները կը հետեւին իրեն` որովհետեւ կը ճանչնան իր ձայնը:
5 Սակայն չեն հետեւիր օտարի մը` հապա կը փախչին անկէ, որովհետեւ չեն ճանչնար օտարներու ձայնը”:
6 Յիսուս ըսաւ անոնց այս առակը, բայց անոնք չէին հասկնար թէ ի՛նչ էր` որ կը խօսէր իրենց:
7 Ուրեմն Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը”:
8 Բոլոր անոնք` որ եկան ինձմէ առաջ, գող եւ աւազակ էին, բայց ոչխարները մտիկ չըրին անոնց:
9 “Ե՛ս եմ դուռը”. եթէ մէկը ներս մտնէ ինձմէ` պիտի փրկուի. պիտի մտնէ ու ելլէ, եւ արօտ գտնէ:
10 Գողը [ուրիշ բանի համար] չի գար, բայց միայն` գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար: Ես եկայ որ կեա՛նք ունենան, եւ ճոխութեա՛մբ ունենան:







All the contents on this site are copyrighted ©.