2014-05-23 10:02:13

Ս. Թաղման տաճարի 150 տարուայ խիստ կանոններու իրավիճակը։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Ս. Երկիր կատարելիք ուխտագնացութեան գագաթնակէտը պիտի հանդիսանայ անտարակոյս անոր համամիութենական աղօթքը` Բարթողոմիոս Ա Կ.Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարքին հետ, 25 մայիս 2014 երեկոյեան, Սուրբ Թաղման տաճարին մէջ։
Ս. Թաղման տաճարը կը նկատուի քրիստոնէական հաւատքին առանցքը։ Յայտնենք որ 8 փետրուար 1852էն ասդին, Ս. Թաղման տաճարը ենթակայ է խիստ կանոններու, որուն շնորհիւ Երուսաղէմ քաղաքի երեք գլխաւոր ծէսերը` Լատին, Օրթոտոքս եւ Հայ առաքելական եկեղեցին, իրենց ծիսակատարութիւնները կը կազմակերպեն, որոշ պայմաններով։ Այս իրավիճակը նաեւ կը հայի Բեթղեհէմի ս. Ծննդեան տաճարին եւ Երուսաղէմի Տիրամօր Դամբանին։
Ս. Թաղման տաճարը վայրն է Քրիստոսի խաչելութեան, թափուր գերեզմանին ու վայրը ս. Յարութեան։Հոն նաեւ ներկայ են ղպտիները, եւդոպացիները եւ ասորիները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական մատուռը ունի, զարդարուած իւրաքանչիւր ծէսի աւանդութեան համաձայն։
Ս. Թաղման տաճարի կանոնական իրավիճակը երեք մեծ ծէսերու տուած է հողային սահման, ժամանակ եւ ծիսակատարութեան ժամանակացոյց։ Անոնցմէ եւ ոչ մէկը գլխաւոր մուտքի բանալին ունի։ 13 դարերէ ասդին գլխաւոր մուտքի բանալին, Եգիպտոսի սուլթանի հրամանագրով, յանձնուած է իսլամ երկու ընտանիքներու, առաջինը իր մօտ ունի բանալին, իսկ եկրորդին կ՛իյնայ դուռը բանալ ու փակել։
Յայտնենք որ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Պոլսոյ Տիեզերական պատրիարք Բարթողոմէոս Ա. միասնական աղօթքը Ս. Թաղման տաճարին մէջ, պատմական աննախընթաց իրողութիւն մը կը հանդիսանայ։ Արդարեւ այս առաջին անգամն է որ տարբեր ծէսի եւ յարանուանութեան պատկանող քրիստոնեաներ, միասին կ՛աղօթեն Ս. Թաղման տաճարին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.