2014-05-23 09:25:16

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը կը մասնակցի Ֆրանչիսկոս Պապի Ամմանի մէջ մատուցած Սուրբ Զոհին ու ապա կը մեկնի Հայաստան։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 24-էն 26 մայիս Սուրբ Երկիր կատարած առաքելական այցելութիւն ընթացքին, 24 մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ Ան պիտի նախագահէ սուրբ Պատարագ արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցի Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, Յորդանանի եւ Երուսաղէմի համայնքապետերը, որոնց շարքին Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ էկզարքութեան Առաքելական կառավարիչ՝ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը: Արարողութեան ընթացքին 1400 մանուկներ պիտի ընդունին ''առաջին սուրբ հաղորդութեան'' խորհուրդը։
Յաջորդ օրը՝ 25 մայիսին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Ամմանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը:
Յայտնենք որ Ամենապատիւ Տէրը երկուշաբթի, 26 մայիսին պիտի մեկնի Հայաստան մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի նիստին, որ պիտի կայանայ 27 մայիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի նախագահութեամբ: Այս առթիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի այցելէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ.ին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.