2014-05-23 09:57:01

Յորդանանը, Իսրայէլը եւ Պաղեստինեան հողամասը թիւերով։


Յորդանանի, Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան հողամասին վրայ կ՛ապրին գրեթէ 400 հազար կաթողիկէ քրիստոնեաներ, 14 միլիոն բնակչութեան վրայ։
Յորդանանը ունի 89,324 քմ քառակուսի տարածք եւ 6 միլիոն 388 հազար բնակչութիւն որուն 1,68 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, մինչ Իսրայէլեան եւ Պաղեստինեան հողամասը կազմուած է 20 ,770 քմ քառակուսի տարածքէ ուր կը բնակին 7 միլիոն 901 հազար անհատ, որոնց 3,36 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Յորդանանի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցին կազմուած է 3 թեմերէ եւ 69 ժողովրդապետութիւններէ ինչպէս նաեւ 1551 հովուական կեդրոններէ, մինչ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան հողամասի վրայ կան 9 թեմեր, 80 ժողովրդապերութին եւ 3325 հովուական կեդրոն։
Յորդանանի մէջ կը գործեն 4 եպիսկոպոսներ, 143 կուսակրօն քահանայ, 9 մնայուն սարկաւագ, 219 կրօնաւոր – կրօնաւորուհիներ եւ 4 կրօնուսոյցներ։ Իսրայելի եւ Պաղստինեան հողերուն մէջ կը գործեն 12 Եպիսկոպոս, 408 քահանայ եւ 1264 կրօնաւոր - կրօնաւորուհիներ։
Յորդանանի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին ունի 141 դաստիարակչական կառոյց իսկ Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան հողամասի վրայ գոյութիւն ունին 211 դաստիարակչական կառոյցներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.