2014-05-23 10:35:36

Թայլանտի բանակը ստանձնեց իշխանութիւնը


Թայլանտի բանակը յայտարարեց, որ ստանձնած է իշխանութիւնը եւ առկախած երկրին սահմանադրութիւնը:
Բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Փրայութ Չան-Օքա խոստացաւ կարգ ու կանոնը վերականգնել եւ քաղաքական բարեփոխումներ կատարել: Նախարարաց խորհուրդին թելադրուեցաւ կապ հաստատել բանակին հետ, պատկերասփիւռային սփռումները առկախուած են, իսկ քաղաքական հաւաքները` արգիլուած: Երկրին տարածքին գիշերուան ժամը 10:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00 երկարող կրակմարի դրութիւն հաստատուած է:
Զինուորական յեղաշրջումը կը յաջորդէ Թայլանտի մէջ ամիսներէ ի վեր երկարող քաղաքական վերիվայրումին: Բանակը երեքշաբթի օր կրակմարի դրութիւն յայտարարած էր, որմէ ետք քաղաքական գլխաւոր խմբաւորումներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի ունեցան, սակայն բանակը երէկ յեղաշրջում կատարեց:
Քաղաքական գլխաւոր դէմքերը, ներառեալ` ընդդիմութեան ղեկավար Սութեփ Թոկսուպան եւ կառավարամէտ ցոյցերու ղեկավար Ժաթուփոռն Փրոմփան բանակցութեան վայրէն հեռացուեցան, երբ բանակը շրջանը փակեց:
Զինուորներ Պանքոքի արուարձաններուն մէջ կառավարամէտ ցուցարարներ ցրուելու համար օդը կրակեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.