2014-05-23 11:29:54

Ընտանեկան կեանքը եւ համբերութիւնը


RealAudioMP3 Ըսուած է մեր հայրերուն. «համբերէ որ համ բերէ»: Համբերութիւնը առաջին պայմանն է ընտանիքի մը յաջողութեան եւ իրագործումին. առաջին զէնքն է ամուսնութեան բոլոր տառապանքներուն ու դժուարութիւններուն դիմաց:
Ամէն իրագործում ժամանակի կը կարօտի: Հիւանդը ժամանակի կը կարօտի ապաքինելու համար: Ծաղիկը` բացուելու համար: Մազը, մօրուքը` երկարելու համար: Նոյնպէս ընտանեկան կեանքը պտղաբեր ըլլալու համար համբերութեան առաքինութեան կը կարօտի: Մեր կուրծքը պէտք է բանանք ժամանակին եւ զայն ընդունիլ համակերպութեամբ:
Եթէ ծաղիկը ծաղիկին նայելով կը բացուի, մարդն ալ մարդուն նայելով կը ծաղկի, կը բարձրանայ եւ կ՛ոգեւորուի: Ամուսինը երբ իր կնկան նայի եւ կինն ալ` իր ամուսնոյն անոնք կը գիտակցին թէ իրենց կեանքը որքան թանկագին է:
Քրիստոս իր ուսուցումով եւ օրինակով բնաւ չէր դադրած մեզի ազդարարելէ համբերութեանն ու աշխարհէն հրաժարելու կարեւորութիւնը, իմացնելով մեզի թէ այս է փրկութեան հասնելու մէկ հատիկ ճամբան: Ան որ կ՛ուզէ զիս հետեւիլ ըսած է ան, պէտք է որ ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչն ամէն օր ու ետեւէս գայ, վասն զի որ կ՛ուզէ իր կեանքը փրկել պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ որ որ իր անձը կորսնցնէ ինծի համար պիտի փրկէ զայն:
Ընտանեկան վիշտերն ու ցաւերը համբերելու խնդիրը ընկերական ամենամեծ խնդիրն է: Գիտնականներուն համար ցաւը անհասկնալի երեւոյթ մըն է. անծանօթ կը մնայ սակայն անոր բուն պատճառը եւ հետեւաբար չի կրնար դարման հասնիլ: Կեանքին մէջ ցաւ կրելը չար բան մը չէ, վասնզի հիւանդ մը սիրով կը համակերպի ցաւալի գործողութեան մը որ իրեն առողջութիւն պիտի ապահովէ. զինուորը իր թշնամիին յաղթելով` չի տրտմիր ընդունած վէրքերուն համար. մայր մը նաեւ երկունքի ցաւերուն մէջ մխիթարութիւն կը գտնէ մտածելով թէ իր բազուկներով պիտի գրկէ իր անդրանիկը:
Երկու պատճառներ կան, որոնք կը բացատրեն մեր Տիրոջ մահկանացու կենաց մէջ կրած նեղութիւններն եւ այն անողորմ ու ամօթալից չարչարանքները` որ զինք մահուան տարին:
ա- Ինքը մարդկանց երեւցաւ իբրեւ մեղաց թշնամի մը, եւ ասոնց դէմ ամհաշտ ու յարատեւ պատերազմ մը բացաւ: Եւ ասոր համար չարերուն կողմանէ այնքան հակառակութիւն ու հալածանք ունեցաւ:
բ- Յիսուս Քրիստոս ընծայեց իր անձը Հօր Աստուծոյ` իբրեւ փրկանք ու ողջակէզ մարդկային մեղաց: Եւ ասոր համար մեղաց վերապահուած պատիժը ու տառապանքը ինքը կրեց:
Մեր Տէրը Յիսուս չուզեց հպարտութիւնը պատուել, անոր դէմ իր զօրութեամբ եւ ազդեցութեամբ պատերազմելով` ինքը ուզեց սանձել ու յաղթահարել իր տկարութեամբը: Սովորական մարդիկը` զէնքերով կը պատերազմին, մինչդեր մեր Տէրը թշնամիներուն յաղթելու համար փայտէ խաչէ մը զատ ուրիշ զէնք չ՛ունի: Բոլոր իր ուժը կը կայանայ խոցուած ու խաչին վրայ գամուած ձեռքերուն մէջ:
Այր մարդն ու կինը պէտք է ըմբռնեն թէ որ Աստուած իրենց շատ նեղութիւն կրել կու տայ, պարտին ուրախանալ, որովհետեւ տառապանքները եւ ցաւերը անտարակուսելի նշան մըն են թէ զիրենք իր փառքին օգտակար գործիք կ՛ուզէ ընել:







All the contents on this site are copyrighted ©.