2014-05-22 09:43:34

Ֆիւլէ. «Եւրոպական միութեան համար արցախեան հարցը կը մնայ առաջնահերթ հարց»


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ «Տը Պիզնըս Եիր» կայքը 15 մայիսին հրապարակած է հարցազրոյց մը, որուն մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման պատասխանատու յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ յայտարարած է, որ ղարաբաղեան տագնապին լուծումը կը շարունակէ մնալ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկը:
Ըստ Ֆիւլէի, Եւրոպական Միութիւնը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ղարաբաղեան հարցի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: «Տագնապին խաղաղ միջոցներով լուծումը կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասին, որ Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ կամուրջ մը ըլլալու իր ներուժը ամբողջութեամբ ցուցադրէ: Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է, որ այս տագնապը լուծելու ուղղութեամբ յատկանշական յառաջընթաց մը չէ արձանագրուած: Կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ անցեալ տարուան նոյեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումը եւ գոհ ենք այն ջանքերէն, զորս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կը թափէ բարձր մակարդակի հանդիպումներու վերսկսելու նպատակով», յայտարարեց Ֆիւլէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.