2014-05-22 09:37:23

Ռուսիա Չինաստանի հետ կազի շուրջ համաձայնութիւն մը կնքած է


Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնն ու Չինաստանի քարիւղի եւ կազի «Սի.Էն.Փի.Սի.» ընկերութիւնը Չինաստան ռուսական կազի մատակարարման մասին համաձայնութիւն ստորագրած են:
Խօսքը տարեկան մինչեւ 38 միլիառ խորանարդ մեթր կազի մատակարարման վերաբերեալ համաձայնութեան մասին է:
Համաձայնութեան ստորագրութիւնը տեղի ունեցած է Ռուսիոյ եւ Չինաստանի ղեկավարներ Վլատիմիր Փութինի եւ Սի Ձինփինի ներկայութեամբ:
Երեսուն տարուան ժամկէտով համաձայնագիրին ընդհանուր արժէքը 400 միլիառ տոլար է:







All the contents on this site are copyrighted ©.