2014-05-22 12:07:15

''Ուրախութիւնը քրիստոնեային դրոշմն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 22 Մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հատատեց թէ ''Ուրախութիւնը քրիստոնեային դրոշմն է, նոյնիսկ վիշտի ու տառապանքի ժամանակ։

Սրբազան Հայրը, ապա ընդգծեց, թէ անկարելի է որ Քրիստոնեայ մը տխուր ըլլայ, մատնանշելով թէ Սուրբ Հոգին է որ մեզի կը սորվեցնէ սիրել ու մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ։

Յիսուս` - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - երկինք համբառնալէ առաջ երեք բառերու վրայ կեդրոնցաւ` խաղաղութիւն, սէր եւ ուրախութիւն։

Խաղաղութեան մասին խօսելով Յիսուս ըսաւ թէ իր տուած խաղաղութիւնը աշխարհի շնորհած խաղաղութիւնը չէ այլ մշտական խաղաղութիւն է։ Սիրոյ մասին ակնարկելով Յիսուս ընդգծեց թէ ''ամենամեծ պատուիրանը զԱստուած եւ մերձաւորը սիրելն է'' ու ապա աւելցուց ''ոչ միայն սիրեցէք այլ մնացէք իմ սիրոյս մէջ''։ Քրիստոնեային կոչումը այս է ` - յարեց Նորին Սրբութիւնը - մնալ Աստուծոյ սիրոյն մէջ. Ապրիլ այդ սիրով։ Սէրը մեզ կը մղէ բնականօրէն ապրելու պատուիրանները։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց ուրախութեան վրայ։ Քրիստոնեայ մը որ ուրախ չէ` կամ քրիստոնեայ չէ եւ կամ հիւանդ է, վատարաոջղ է։ Ուրախութիւնը քրիստոնեային դրոշմն է, նոյնիսկ վիշտի, տառապանքի եւ հալածանքներու ժամանակ։

Քարոզին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը լուսարձակի տակ դրաւ Սուրբ Հոգին, շեշտելով թէ ''Սուրբ Հոգին այն պարգեւն է որ մեզի խաղաղութիւն կը շնորհէ, մեզի կը սորվեցնէ սիրել ու մեզ ուրախութեամբ կը լեցնէ ու ապա հայցեց որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը մեր մէջ պահպանելու միշտ Սուրբ Հոգին։







All the contents on this site are copyrighted ©.