2014-05-22 09:37:30

Յունաստանի վարչապետը կը խոստանայ 7 տարուան ընթացքին 770 հազար աշխատատեղ ստեղծել


Rosblat.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս յայտարարած է, որ Յունաստան եօթը տարուան ընթացքին պիտի վերադառնայ նախաճգնաժամային համախառն ներքին արտադրութեան մակարդակին, պիտի ստեղծէ 770 հազար աշխատատեղեր եւ պիտի հասնի քաղաքացիներու բարեկեցութեան:
Վարչապետը բացատրած է, որ զարգացման ծրագիրը պիտի չըլլայ «խորհրդային տեսակի» բնորդ, «ուր պետութիւնը կ՛ընէր ամէն ինչ, կը ծրագրէր ամէնը, կը բացատրէր` ինչ ընել ապագային 5-10 տարի ետք, եւ վերջիվերջոյ, ամէն ինչ կործանեցաւ»:
«Մինչեւ 2020 Յունաստանը պիտի վերականգնէ բարեկեցութեան մակարդակը, որ եղած է մինչեւ ճգնաժամը: Այժմ օրը օրին, ամիս առ ամիս իրավիճակը պիտի բարելաւուի սովորական մարդոց համար, մեծամասնութիւնը աշխատանք պիտի գտնէ, ձեռնարկութիւնները պիտի ունենան ֆինանսաւորում, խնայողութեան խիստ միջոցներ պիտի չըլլան: Հարկերը պիտի նուազին: Այս տարուընէ կը սկսի զարգացումը: 2015-ին աճը պիտի կազմէ 2.9 առ հարիւր, իսկ 2016-ին` 3.7 առ հարիւր», յայտարարած է Սամարաս:







All the contents on this site are copyrighted ©.