2014-05-22 09:45:23

Երուսաղէմի մէջ Հոգեւոր Առաջնորդներու հետ Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը։


Ֆրանչիսկոս Պապի Մայիս 24-26 Երուսաղէմ կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը` Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ, հանդիպում կ՛ունենայ Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արեքպիսկոպոս Մանուկեանը:
Երուսաղէմի պատրիարքի տեղապահ սրբազան Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան նշած է, որ հանդիպումի ընթացքին հաւանական է որ քննարկուին ընդհանուր հոգեւոր խնդիրներ, հարցեր եւ նոր ժամանակներու մարտահրաւէրները:
Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան յիշեցուցած է, որ 50 տարի առաջ, երբ Պօղոս Զ-րդ Պապը յատուկ այցելութիւն կատարած է Իսրայէլ, Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ: «Պօղոս Զ-րդին յաջորդած երկու պապերը Երուսաղէմ կատարած այցելութեան ժամանակ բաւարարուած են հոգեւոր հովիւներու հետ ընդհանուր հանդիպումով` այցելութեան խիստ սահմանափակ ժամանակին պատճառով»,- ըսած է Շիրվանեան։ Ֆրանչիսկոս Պապի այց-ուխտագնացութիւնը նուիրուած է յիշատակելու 50 տարի առաջ` 1964-ին Պօղոս Զ-րդ Պապի Երուսաղէմ այցելութիւնն ու Աթենակորաս` Յոյն տիեզերական օրթոտոքս Պատրիարքի հետ ողջագուրումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.