Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կը վերակոչէ 1964-ի պատմական
ուսահամբոյրը Պօղոս Զ-ի եւ Աթենակորասի միջեւ։
Կարտինալ Քոխ` Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, վերակոչելով`
Երուսաղէմի մէջ, յունուար 1964-ին, 50 տարի առաջ պատահած պատմական ուսահամբոյրը Պօղոս
Զ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական յոյն օրթոտոքս պատրիարք Աթենակորասի միջեւ, կը
յայտնէ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը պատրաստուի ուխտագնացութիւն կատարել դէպի Ս. Երկիր,
վերակոչելու երկու մեծ հայրապետներու պատմական հանդիպումը` Երուսաղէմի ձիթենեաց լերան
ստորոտը։ Այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ 525 տարիներու յարաբերութիւններու խզումէն
ետք։ Երկու քոյր եկեղեցիները կաթողիկէ թէ օրթոտոքս, աւելի քան 9 դարերու բաժանումէն ետք
դարձեալ իրարու կը հանդիպին Երուսաղէմ` օրրանը քրիստոնէութեան, ուր սկիզբ առաւ Աստուծոյ
Եկեղեցին։ Երուսաղէմ քաղաքը կը միացնէ քրիստոնեայ բոլոր համայնքները, անիկա արմատն է
բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն, յայտնած է Կարտինալ Քոխ։