2014-05-21 10:15:52

Վատիկանը կը միանայ Պրազիլի Եկեղեցւոյ մարդավաճառութեան դէմ քարոզչութեան։


Վատիկանը կը միանայ Պրազիլի Եկեղեցւոյ մարդավաճառութեան ու բանուորներու շահագործումի դէմ քարոզչութեան, ոտնագունդի ողիմպիական խաղերուն առթիւ, որ սկիզբ պիտի առնեն յառաջիկայ 12 Յունիս 2014-ին։
Քարոզչութեան բնաբանն է. ''խաղը կեանքի ի նպաստ, դատապարտել մարդու շահագործումը''։ Կարտինալ Պրազ Տէ Ավիվ` միանալով նախաձեռնութեան, իր քաջալերական խօսքին մէջ կը գրէ. ''միացնենք մեր ոյժերը ստրկութենէն փրկելու դիւրաբեկ հոգիները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.