2014-05-21 14:24:33

Հրապարակային ունկդրութեան ընթացքին Քահանայապետը աղօթք կը խնդրէ '' Սուրբ Երկիր կատարելիք ճամբորդութեան համար''։


''Աղօթեցէք Սուրբ Երկիր կատարելիք ճամբորդութեանս համար'', ըսաւ Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։
''Յառաջիկայ Շաբաթ օր սկիզբ կ՛առնէ Յիսուսի Երկրին, Սուրբ Երկիր ճանապարհորդութիւնս։ Հոգեւոր բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւն մը։ Առաջին դիտաւորութիւնը` հանդիպելու իմ եղբօրս Բարթողոմէոս Ա, Պօղոս Զ եւ Աթենակորաս Ա միջեւ հանդիպումի 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Պետրոս եւ Անդրէաս անգամ մը եւս իրարու պիտի հանդիպին եւ այս մէկը շատ գեղեցիկ իրողութիւն է։ Իսկ երկրորդ պատճառը` աղօթել այդ տառապեալ երկրի խաղաղութեան համար։ Խնդրեմ աղօթեցէք այս ճամբորդութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.