2014-05-21 10:16:02

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրով լրագրողներու 7-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող մարմինի նիստ` Երեւանի մէջ


Երեքշաբթի. 20 մաղիսին, տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. Ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագիրով Լրագրողներու 7-րդ համահայկական համաժողովի համակարգող մարմինի նիստը, որ կը վարէր «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ողջունելով նիստի մասնակիցները, կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ համաժողովը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք «Հայաստան-սփիւռք» 5-րդ համաժողովին զուգահեռ: Նախարարը համակարգող խորհուրդի անդամ սփիւռքահայ խմբագիրներուն յորդորեց իրենց մասնակցութիւնը բերել համաժողովներու աշխատանքներուն:
Քննարկուեցան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի շէմին հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու շեշտադրումներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող հարցերու լուսաբանումին վերաբերող խնդիրները հայկական եւ օտարերկրեայ մամուլին մէջ:
Նիստին ներկայ էին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, Հայաստանի «Փի. Ար.» ընկերակցութեան նախագահ եւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի դասախօս Աստղիկ Աւետիսեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի բաժանմունքի աշխատակիցներ:
Նիստին հեռակապով կը մասնակցէին Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, Ռուսիայէն` «Նոյեւ Քովչեկ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Գրիգոր Անիսոնեան, Իրանէն` «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Ֆրանսայէն` «Նոր Յառաջ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան, Լիբանանէն` «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Միացեալ Նահանգներէն` լրագրող, հրապարակախօս Յակոբ Վարդիվառեան:
Քննարկուեցան Լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովի կազմակերպական այլ հարցեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.