2014-05-21 11:35:05

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Մանուկները գայթակղեցնել փորձողներուն պատիժը:
Ներկայ աշխարհը բծախնդիր մօտեցում ցուցաբերել կը թելադրէ մանուկներու նկատմամբ: Ուսումնական ու կրթական հաստատութիւնները նորահաս սերունդին նկատմամբ մեծ ուշադրութիւն ցոյց կու տան։
Մանուկներու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ, յատկապէս երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ կը հետեւին ընտանիքներէն սկսեալ մինչեւ խնամատարական, հիւանդանոցային, դարմանատնային ու կրթական հաստատութիւններու կեանքին ու գործունէութեան, տեսնելու համար թէ՝ արդեօք վայրագութիւն կը տիրէ՞ ընտանիքէն ներս, կամ արդեօք մարդասիրակա՞ն օժանդակութեանց անունին ներքեւ ծպտուած՝ մանուկներու շահագործում տեղի կ՛ունենայ: Յատկապէս աղքատ երկիրներու պարագային, աշխատող մանուկները ուսման ուղարկելու եւ անտէր երեխաները փողոցէն տուն դարձնելու ջանքերը համապատասխան կազմակերպութիւններու պիւտճէին տարեկան մեծ տոկոսը կը սպառեն, մարդկութիւնը փրկելու համար այլ տեսակի աղէտներէ: Դրամական յատկացումներէ բացի տակաւին կայ մարդոյժի տրամադրումը, որ նուիրեալներու փաղանգ կը պահանջէ:
Մարդասիրական հիմնարկութիւնները ու լրատուական միջոցները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն երեխաներու կրած տառապանքին, անօթեւան ու անուսում մնացած անչափահասներու առօրեային, ու այդ ամէնուն պատասխանատու կը ներկայացնեն մեծերը:
Մանուկներու ապրած կեանքի ընթացքին զանոնք իրենց ուղիղ ճամբէն շեղողներն ալ պէտք է նոյնքան վտանգաւոր հրահանգներ տուող նկատել, որքան պատերազմի փողը հնչեցնելով, անոնց մահուան պատճառ եղողները: Մանուկներու կեանքին սպառնացող վտանգները միայն անոնց ֆիզիքականին հասնող փորձանքները չեն, այլ՝ մանաւանդ հոգիին, որ տակաւին լոյծ վիճակի մէջ, պատրաստ է ընկալելու ամէն ինչ, որ կը տրուի իրեն: Մանկական վստահութիւնը զինք սնուցանողին նկատմամբ, ամբողջակա՛ն վստահութիւն է: Մանուկը բնաւ չի՛ կասկածիր թէ զինք պաշտպանող «մեծ»ը կրնայ վնաս հասցնել իրեն: Ուստի ամբողջական պատրաստակամութեամբ անձնատուր կ՛ըլլայ անոր:
Այս վստահութիւնը շահագործողներու մէջ կ՛ըլլան նաեւ երբեմն ծնողներ ու հարազատներ, որոնք տգիտութեան, անդաստիարակութեան ու երբեմն այլ պատճառներով կը թունաւորեն մանուկին միտքն ու հոգին: Անոնք կրնան թունաւորել մանուկին ուղեղը, զայն թշնամացնելով նոյնիսկ շատ հարազատ անձնաւորութեան մը, զոր միայն անունով կը ճանչնան դեռ ու չունին կարողութիւնը վերլուծելու անոր բուն ինքնութիւնը: Դատելու կարողութեան պակասը մանուկին մէջ, այսպիսով կը շահագործեն անոնք, մանուկին մեղքը իրենց վիզը առնելով:
Յիսուսի մտածողութեան մէջ մանուկները չգայթակղեցնելու, զանոնք ճշմարտութենէն չշեղելու մասին ազդարարութիւն կայ, որ եթէ բառացիօրէն գործադրութեան դրուի՝ ահաւոր արդիւնքի կը հասցնէ մարդը: Ան կ՛ըսէ, թէ մանուկը գայթակղեցելու նպատակ ունեցող եթէ ըլլայ, աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ իր վիզէն իշու երկանաքար կապեն ու ծովը նետեն (Հմմտ Ղկ 17.2):
Սա ամէնէն լաւ «մանեակն է» զոր Յիսուս յարմար կը գտնէ մանուկները գայթակղեցնել փորձողներուն համար: Յիսուսի նշած «մանեակ»ը թէեւ ուշացած, սակայն դարձեալ պիտի անցուի այդպիսի մարդոց վիզէն, ու փոխանակ ջուրի՝ կրակէ լիճին մէջ (Հմմտ Յյտ 19.20) պիտի նետուին անոնք: Ուրեմն, այդ «մանեակ»ը երկու առիթներով կրնայ գտնել այն մարդիկը, որոնք մանուկներու կեանքի փճացման պատճառ կը հանդիսանան՝ ա) իբրեւ նախազգուշացում եւ արգելք, եւ բ) իբրեւ պատիժ:
Մանուկներուն կեանքը միշտ աւելի թանկագին համարուած է, քան՝ մեծերուն կեանքը: Վտանգի պարագային, ամէնքն ալ հետամուտ կ՛ըլլան նախ մանուկներու կեանքը փրկելու, յետոյ՝ մեծերուն: Մանուկները ապագայի մեծերն են. կրնայ ըլլալ որ այդ մանուկներուն մէջէն հանճարներ դուրս գան, կամ՝ այնպիսի անձեր, որոնք թերեւս փոխեն ամբողջ աշխարհի մարդկութեան ճակատագիրը: Տեսնուած է, որ երբեմն առանց նայելու թէ որո՞ւ երեխան է, կամ ի՞նչ ազգութեան կը պատկանի, մարդ անվեհեր նետուած է կրակի մէջ, ազատելու համար օգնութեան կանչով լացող անծանօթ մանկան: Իսկ եթէ այսքան բնազդային է երեխան պաշտպանելու ներքին մղումը մարդուն մէջ, ու այնքան գնահատելի է անոր անձնուրացութիւնը մանուկին նկատմամբ, ուրեմն ինչքա՛ն աւելի ծանր է պատիժը այն ծնողքին, որ գիտակցաբա՛ր կը թունաւորէ իր զաւակներուն ուղեղը, ատելութիւն սերմանելով անոր մէջ… Անոնց այս արարքը աններելի մեղքերու շարքին պէտք է դասել այս եւս:







All the contents on this site are copyrighted ©.