2014-05-21 10:16:18

Եւրոպայի Ռուսական կազէն հրաժարելու պարագային կազը Չինաստան պիտի ուղարկուի


Lenta.ru կայքը կը գրէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնած է, որ Եւրոպայի ռուսական կազէն հրաժարելուն պարագային այդ կազը կրնայ ուղարկուիլ Չինաստան:
«Մենք բաւականաչափ կարելիութիւններ ունինք, բաւականաչափ կազ ունինք, որպէսզի զայն մատակարարենք թէ՛ արեւելեան, թէ՛ արեւմտեան ուղիներով: Սակայն եթէ նայինք շատ վատ հեռանկարին, զուտ տեսականօրէն կազը, որ կրնայ չմատակարարուիլ Եւրոպային, կրնայ ուղարկուիլ արեւմտեան ուղիով Չինաստան: Սակայն ատիկա, կ՛ընդգծեմ, տակաւին բացարձակ տեսական կարելիութիւն է», յայտարարած է Մետվետեւ «Պլումպըրկ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այժմ կը մեկնի Չինաստան: Անոր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեան հիմնական նպատակը ռուսական վառելանիւթի Չինաստանի մատակարարման մասին համաձայնութիւնն է, որուն ստորագրումը «Կազփրոմ»-ը կը սպասէ արդէն գրեթէ քսան տարիէ ի վեր:
Կազը կ՛ենթադրուի Ռուսիայէն Չինաստան մատակարարել երկու ուղիով, մէկը կը կոչուի արեւելեան, միւսը` արեւմտեան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մետվետեւ յայտարարած է, որ Ուքրանիան պէտք է ռուսական կազի վճարման պատկերացում մը ներկայացնէ, պարտքերու դիմաց զգալի վճարում կատարէ` թերեւս Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օգնութեամբ:
Մետվետեւ ըսած է, որ երբ ոեւէ մէկուն պարտքով դրամ կու տաս, ապա համբոյրներ ու խոստումներ չէ, որ կը ցանկաս ստանալ: Ան ըսած է, որ իւրաքանչիւր պարտատու պէտք է իր գումարը ետ ստանայ: Մետվետեւի գնահատումով, ռուսական կազին դիմաց Ուքրանիոյ պարտքը 3.5 միլիառ ամերիկեան տոլար է:
Ան նշած է, որ ռուսական կողմը իրատես է, կը տեսնէ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է ուքրանական տնտեսութիւնը, եւ մէկ օրուան մէջ չէ, որ կ՛ուզէ իր 3.5 միլիառ տոլարը: Ան յիշած է Դրամական միջազգային ֆոնտի Ուքրանիոյ տրամադրուելիք գումարին մասին եւ ըսած, որ ամերիկացիները, եւրոպացիները, այն երկիրները, որոնք կը կարեկցին Ուքրանիոյ, կրնան օգնել կազի պարտքը փակելուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.