2014-05-20 11:38:49

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քահանայապետական Միջկրօնական Երկխօսութեան խորհուրդի 50 ամեակին առթիւ


Երկուշաբթի, 19 մայիս 2014-ին, Քահանայապետական Միջկրօնական Երկխօսութեան խորհուրդը նշեց իր հիմնադրութեան 50 ամեակը, Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի մատուցած Սուրբ Պատարագով։
Խորհուրդը հիմնուած է 19 մայիս 1964-ին Աստուծոյ ծառայ` Պօղոս Զ Քահանայապետին օրով, ունենալով որպէս կէտնպատակ կապեր հաստատել ոչ-քրիստոնայ կրօներու պատասխանատուներուն հետ, համապատասխանելով Յիսուսի խօսքին`. ''Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ որ այս փարախէն չեն զանոնք ալ պէտք եմ հոս բերել''։
Այս յոբելինական տօնախմբութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց Խորհուրդի նախագահին որուն մէջ խրախուսեց Խորհուրդը ''նոր եռանդով շարունակելու իր առաքելութիւնը, սատարելով խաղաղութեան հաստատումին եւ ժողովուրդներու իսկական զարգացումին''։
Պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը վերյիշեց երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ի առաքելական թուղթը որով կը հիմնուէր ''Ոչ-քրիստոնեաներուն քարտուղարութիւնը'' եւ որ` յետ Տիեզերական Ժողովին, լրջագոյն որոշումներէն մին էր։
Այդ շրջնաին Եկեղեցին կը փափաքէր նոր սլացք տալ աշխարհի հետ հանդիպումին եւ երկխօսութեան ` ''Եկեղեցին պէտք է երկխօսութիւն հաստատէ իր ապրած ժամանակաշրջանի աշխարհին հետ: Եկեղեցին կը դառնայ խօսք, պատգամ, երկխօսութիւն'', գրած էր Պօղոս Զ Քահանայապետը իր առաքելական թուղթին մէջ։
Երկխօսութիւնը կարելի է մեկնելով ամէն մէկուն ինքնութենէն – հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ մատնանշելով թէ '' Իրոք Սուրբ Հոգին է որ կը գործէ, ըլլայ երբ Ան Եկեղեցին կը վերակենդանացնէ, ըլլայ երբ զայն կը մղէ հռչակելու Քրիստոսը, ըլլայ երբ կը սերմանէ եւ կը զարգացնէ մարդոց եւ ժողովուրդներուն շնորհած իր պարգեւները, առաջնորդելով Եկեղեցին անոնց ծանօթանալու երկխօսութեան միջոցաւ։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ մէջբերեց, 20 մարտ 2013-ին, Եկեղեցական եւ այլ կրօններու հասարակութեան պատկանող ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած մէկ խօսքը` ''Կաթողիկէ Եկեղեցին, տեղեակ է բարեկամութեան խրախուսման եւ զանազան կրօններու ու մշակոյթներու պատկանող մարդոց ու կիներու յարգանքի կարեւորութեան'', Ան ապա հաստատեց թէ ''Այնպէս ինչպէս Քրիստոսը Էմմաուսի ճանապարհի վրայ, նոյնպէս ալ Եկեղեցին կ՛ուզէ մօտիկ ըլլալ ամէն մարդու ուղեւորութեան։ Միասին քալելու տրամադրութիւնը այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է, մեր այս օրերուն որ յատկանշուած են ժողովուրնդերու եւ մշակոյթներու փոխազդեցութենէն։ Ասօր համար Եկեղեցին միշտ աւելիով յանձնառու է ընթանալու երկխօսութեան ճանապարհով, զարգացնելով պտղաբեր համագործակցութիւն մը բոլոր անոնց հետ որ տարբեր կրօնական մշակոյթներու կը պատկանին եւ որ կը կիսեն կամքը` կերտելու բարեկամական կապեր։
Իր ապտագմին աւարտին Սրբազան Հայրը խրախուսեց Խորհուրդը ''նոր եռանդով շարունակելու իր առաքելութիւնը, սատարելով խաղաղութեան հաստատումին եւ ժողովուրդներու իսկական զարգացումին'' ու ապա բոլոր մասնակիցներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.