2014-05-20 11:27:28

Ֆրանչիկսոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը ի լուր Քոլոմպիայի մէջ պատահած փոխադրակառքի մը արկածին։


Երեքշաբթի, 20 մայիս 2014-ին, ի լուր Քոլոմպիայի Մակտալենա շրջանին մէջ, փոխադրակառքի մը արկածին, որ պատճառած է 32 զոհ, որոնց շարքին՝ 19 երեխաներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պետքարտուղար Կարտինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիր մը ուղղած է տեղւոյն եպիսկոպոսին, որուն մէղ կը յայտնէ իր խոր ցաւը ի լուր ծանր արկածին, եւ մօտիկութիւն զոհերու ընտանքիներուն։ Նորին Սրբութիւնը կ'ապահովցնէ իր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի զոհերը ընդունի Իր արքայութեան մէջ ու սփոփանք ու մխիթարութիւն շնորհէ անոնց հարազատներուն։
Նորին Սրբութիւնը միացած բոլոր անոնց որ այս աղէտը կ՛ողբան Աստուածային առատ օրհնութիւններ կը հայցէ այդ հողամասի բոլոր զաւակներուն վրայ։







All the contents on this site are copyrighted ©.