2014-05-20 10:02:33

Քոլոմպիոյ մէջ հրոյ ճարակ դարձաւ փոխադրակառք մը


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Քոլոմպիոյ Մակտալենա շրջանի միջազգային մայրուղիին վրայ յանկարծակի կերպով հրոյ ճարակ դարձած է Ֆուտասիոն քաղաքէն Պոսքոնիա երեխաներ փոխադրող փոխադրակառքը: Մահացած են փոխադրակառքին մէջ գտնուող 32 անձերը, որոնց շարքին` 19 երեխաներ:
Ոստիկանութեան հրամանատար Ատան Լէոնի համաձայն, «փոխադրակառքը տեղափոխած է երեխաներ, որոնք կրօնական արարողութենէն ետք տուն կը վերադառնային»: Ողբեգրութիւնը տեղի ունեցած է կիրակի` տեղական ժամանակով ժամը 12:00-ին: Իրաւապահ մարմինները մինչեւ այժմ չեն կարենար նշել պատահարին պատճառները:
Քոլոմպիոյ նախագահ Խուան Մանուէլ Սանթոս արդէն իր ցաւակցութիւնը յայտնած է մահացածներու ընտանիքներուն: «Ես մեծ ցաւ կ՛ապրիմ պատահածին պատճառով` իբրեւ հայր եւ քոլոմպիացի», նշած է երկրին ղեկավարը:







All the contents on this site are copyrighted ©.