2014-05-20 10:02:24

Սուրիոյ պատերազմի զոհերուն թիւը անցած է 160 հազարը


Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ տագնապին պատճառով զոհերու թիւը մարտ 2011-ի սկիզբէն ի վեր հասած է 162,402-ի:
Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող լոնտոնեան գրասենեակին տուեալներով` զոհերէն 53,978-ն քաղաքային անձեր են, ներառեալ` 8,607 երեխաներ:
Ընդդիմադիր զինեալներու շրջանին մէջ զոհերու թիւը 42,701 է, ներառեալ` 13,500 Ժապհաթ Նուսրայի եւ Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութեան նման խմբաւորումներու զինեալներ:
Կառավարական զօրքերու զոհերուն թիւը 61,170 է, որոնցմէ 37,685-ը` զինուոր, իսկ 23,485-ը` կամաւորական զինեալ:
Իրաւապաշտպանները նաեւ հաստատած են Հըզպալլայի 438 անդամի, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակարգի կողմնակից 1224 ոչ սուրիացի զինեալներու մահուան փաստը:
Ցուցակին մէջ ներառուած է նաեւ 2891 անուն, որոնց ինքնութիւնը յստակ չէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.