2014-05-20 13:14:52

''Ոչ մի բան բաժանումը կ՛արդարացնէ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալացի եպիսկոպոսներուն տարեկան լիանիստ գումարի բացումը կատարելով։


''Հաղորդութեան խեղճութիւնն ու պակասը ամենամեծ գայթակղութիւնն է, հերետիկոսութիւնը որ այլանդակ կը դարձնէ Տիրոջ դէմքը եւ կը յօշոտէ անոր եկեղեցին։ Ոչ մէկ բան բաժանումը կ՛արդարացնէ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Իտալացի եպիսկոպոսներուն ուղղած ճառին մէջ, Երկուշաբթի 18 մայիս 2014-ի երեկոյեան, Վատիկանի մէջ համահաւաք դասի 66-րդ լիանիստ ժողովին բացումը կատարելով։

Երկարաշունչ ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առիթ ունեցաւ ակնարկելու թէ ''չկայ Քահանայապետի մարդ կամ անոր հակառակորդ, ամէնքն ալ Քահանայապետի աջակից մարդիկ են''։ Անա ապա խօսեցաւ Եկեղեցւոյ մասին իր ունեցած տեսութեան, որուն ներքեւ ''միութիւնը հիմնական'' տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ ''Հաղորդութեան խեղճութիւնն ու պակասը ամենամեծ գայթակղութիւնը կը ներկայացնեն''. Ասոր համար որպէս Հովիւներ պէտք ենք խուսափիլ այն փորձութիւններէն որ տձեւ կը դարձնեն մեզ. Անձնական շահերու փնտռտուքը, շատախօսութիւնները, կիսատ ճշմարտութիւնները որ սուտի կը վեարծուին եւ յարատեւ բողոքները որ հիասթափութիւն կը յառաջացնեն'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց թէ ''Իտալական եպիսկոպոսական համահաւաք դասն ալ աշխատելու է ''Միութեան'' ի սպաս։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ապա Քահանաներու կարիքներուն ու յորդորեց Եպիսկոպոսները ըլլալու անոնց մօտիկ եւ թիկունք կանգնելու անոնց առաքելութեան ու յանձնարարեց ըլլալ ''Պարզ ապրելակերպով Հովիւներ, անջատուած, աղքատ եւ ողորմած''։ Ան ապա խօսեցաւ ներկայ ժամանակաշրջանը յատկանշող մարտահրաւէրներուն. Տնտեսական տագնապին ու յատկապէս մշակոյթի եւ հոգեւոր տագնապի մասին։ Անհրաժեշտութիւն կայ - ըսաւ Ան - նոր մարդաբանութեան մը, եւ ասոր համար հարկաւոր է պաշտպանել կեանքը, սաղմէն մինչեւ մահ եւ ընտանիքը, ու կեանքէն վիրաւորուածները, ողորմութեամբ։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց աշխատանքի պակասի տագնապէն տարապողներուն ու գաղթականներուն մասին, որ կեանքի նոր կարելիութիւններու կը ձգտին։ ''Պատմական ճգնաժամ մըն է – ըսաւ Ան - որ կը կարօտի` բոլորին ընկերային պատասխանատուութեան հոգիին. Որպէս Եկեղեցի ստեղծագործ զօրակցութեամբ նեցուկ կանգնինք անոնց որ աշխատանքի պակասի պատճառաւ իրենք զիրենք զրկուած կը զգան նոյնիսկ արժանապատուութենէն։
Ճառին աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկայ գտնուող եպիսկոպոսներէն խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար յատկապէս ''Սուրբ Երկիր կատարելիք ուխտգանցութեան դիտաւորութեան''։







All the contents on this site are copyrighted ©.