2014-05-20 10:44:09

Լիբանան։ Պքերքէի մէջ Իսլամ-Քրիստոնեայ Ազգային-Կրօնական հանդիպում։


Երկուշաբթի 18 մայիս 2014-ի երեկոյեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ ազգային-կրօնական հանդիպում մը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բոլոր համայնքներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման:
Հանդիպումին ընթացքին յիշուեցաւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին Լիբանան` պատգամի երկիր խորհուրդը:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապէն հայցեց, որ օժանդակէ լիբանանցիներուն, որպէսզի այս շաբաթավերջին արդէն իսկ կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել երկրին մէջ:
Ռայի պատրիարքը վերանորոգեց Լիբանանը պահպանելու, երկիրը կազմող բոլոր շերտերը պահելու եւ ազգային համերաշխութիւնը ամրապնդելու ուխտը:
Իր կարգին, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շեշտեց, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը իր պատգամով կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն կառչած մնալու երկխօսութեան մշակոյթին` հեռու մնալով անձնական, համայնքային թէ յարանուանական որեւէ նպատակէ:
Ան ընդգծեց, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը լիբանանցիներուն յիշողութեան եւ խիղճին մէջ պիտի մնայ` աւելցնելով, որ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին խորհուրդները Լիբանանի համար աղօթք էին:
«Լիբանանցիները պիտի չմոռնան Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի կեցուածքները` լիբանանեան համերաշխութեան պահպանումին եւ յատկապէս իսլամ կրօնին ու կրօններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան մասին», ըսաւ միւֆթի Քապպանի:
Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց բոլորին սրտերու լուացում կատարելու, որովհետեւ անիկա միակ հոգեվիճակն է, որուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ երկրին, ժողովուրդին եւ պետական հաստատութիւններուն միասնականութեան մասին մտածել եւ առաջնահերթութիւն ընծայել ազատութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան:
«Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի անձնաւորութիւնը արտակարգ է իր բոլոր արժանիքներով», ըսաւ Նայիմ Հասան:








All the contents on this site are copyrighted ©.