2014-05-19 13:41:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Պահրէյնի Թագաւորին հետ։


Սուրբ Աթոռի մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ, Երկուշաբթի 19 Մայիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Նորին Վսեմութիւն Համատ Իսա Ալ Խալիֆան որ Քահանայապետի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք հանդիպում ունեցաւ նաեւ` Վատիկանի Պետքարտուղար Կարտինալ Փարոլինին եւ Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի հետ։ Սիրալիր հանդիպումներու ընթացքին շօշափուեցան զանազան նիւթեր հայող` խաղաղութեան եւ Միջին Արեւելքի կայունութեան ինչպէս նաեւ ընկերութեան զանազան խաւերու ներդաշնակ համակեցութեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան, Երկրին տուած նպաստին եւ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ Թագաւորին իր ցուցաբերած անձնական հոգատարութեան տեղական Եկեղեցւոյ կարիքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.