2014-05-18 12:36:56

''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Պալքանեան շրջանը հարուածող ջրհեղեղի զոհերը։


Կիրակի, 18 մայիսի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Հայրը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հիսուն հազար ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր գործք առաքելոցէն եւ ուր կը պատմուի սկզբնական շրջանի Եկեղեցւոյ մէջ ծագող հակառակութիւններուն եւ հարցերուն մասին։ Կեանքի մէջ կան հարցեր եւ հակառակութիւններ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – ու հարկաւոր է գիտնալ ինչպէս դիմագրաւել զանոնք։ Մինչեւ այդ պահը քրիստոնեաները իրարու մէջ բաժանուած չէին, անոնք կը պատկանէին մէկ մշակոյթի` Հրէական մշակոյթը։ Սակայն երբ քրիստոնէութիւնը սկսաւ բացուիլ այլ ժողովուրդներուն, ինչպէս Յոյները, այդ ժամանակ միատարրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ առաջին դժուարութիւնները ի յայտ եկան։ Առաքեալները, ի տես իրավիճակին, ժողով մը գումարեցին ու միասնաբար քննարկեցին հարցը ու հանգեցան այն որոշումին` եօթը սարկաւագներու յանձնել հասարակութեան մատակարարութիւնը, որոնք ապա ընդունեցան առաքելաներու օրհնութիւնը։ ''Իրենց յանձնուած այս նոր առաքելութեան մէջ սարկաւագները պէտք էին ապացուցել նաեւ թէ իրենք հաւատքի եւ աղօթքի մարդիկ էին'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ակնարկելով ներկայ ժամանակի ժողովրդապետութիւններէն ներս ծագող հարցերուն թելադրեց` հեռու մնալ չարախօսութիւններէն եւ նախանձէն ու ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի ''մեզ օգնէ Սուրբ Հոգիին հնազանդիլ որպէսզի գիտնանք մէկը միւսը գնահատել ու միշտ աւելիով յարիլ հաւատքին եւ սիրոյ, մեր սիրտը բաց բանալով մեր եղբայրակիցներուն կարիքներուն։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Պալքանեան շրջանը հարուածող ջրհեղեղը ու ''մինչ Տիրոջ կը յանձնեմ այս աղէտի զոհերը իմ անձնական մօտիկութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց որ տաժանելի պահեր կ՛ապրին'' ըսաւ Ան ու ապա արտասանեց Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակը գտուող` զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն ու յատկապէս հիւանդներու խնամատարութեամբ զբաղող կամաւորներուն` ''ձեզի համար կ՛աղօթեմ - ըսաւ Քահանայապետը - ու կը խնդրեմ որ դուք ալ աղօթէք ինծի համար'', Ան ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն բոլորին մաղթելով բարի Կիրակի եւ ի քաղցր տեսութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.