2014-05-17 12:02:36

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կարճատեւ ուխտագնացութիւնը Ս. Երկիր կը ներկայանայ որպէս կրօներու սիրոյ ողջագուրումի խորհրդանիշ։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24-26 մայիս Ս. Երկիր կատարելիք ուխտագնացութիւնը միջազգային դէտերու գնահատումով կը պարզուի որպէս կրօնապետերու միջեւ սիրոյ ողջագուրումի խորհրդանիշ։
Սրբազան Քահանայապետը Երուսաղէմ կ'երթայ վերակոչելու Աստուծոյ ծառայ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս` Կ.Պոլսոյ տիեզերական յոյն օրթոտոքս պատրիարքի միջեւ հանդիպումի 50-րդ տարեդարձը։
Սրբազան Քահանայապետը այս ճամբորդութիւնը կը կատարէ ընկերակցութեամբ արժանթինցի երկու բարեկամներու` ռաբունապետ Աբրահամ Սքորքայ եւ Շէյխ Օմար Ապուտ։
Չիվիլթա Քաթոլիքա Յիսուսեան պարպերաթերթի հետ ունեցած ելոյթին ընթացքին` Ռաբունապետ Սքորքան յայտնած է որ անհամբեր կը սպասէ այն պահին երբ Երուսաղէմի արեւմտեան Պատին առջեւ պիտի ողջագուրուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, որպէս սիրոյ նշան ընդմէջ քրիստոնեաներու ու հրեաներու, 2000 տարուայ անհամաձայնութիւններէ ետք ։''Նորին Սրբութիւնը ինծմէ խնդրեց որ իրեն ընկերանամ նաեւ Բեթղեհէմ, խաղաղութեան անջնջելի պատգամ մը փոխանցելու շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն'' յայտնած է արժանթինցի ռաբունապետը։
Հաւանական է որ Սրբազան Հայրը Շէյխ Օմար Ապուտին հետ ողջագուրուի Ալ Աքսա` մզկիթին հրապարակը։
Յայտնենք որ Պենետիկոտս ԺԶ Քահանայապետը, մայիս 2009-ին, Ս. Երկիր կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Նազարէթին մէջ անակնկալ կերպով մահմետական կրօնապետի մը ու հրեայ ռաբունապետի մը ձեռքը բռնեց, մինչ հրեայ մէկ ներկայացուցիչ մը խաղաղութեան նուիրուած տաղ մը կը ներկայացներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.