2014-05-17 11:27:32

Յորդանանի իշխան Էլ Հասսան Պին Թալալի եւ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի միասնական կոչը ի սպաս զօրակցութեան։


Յորդանանի իշխան Էլ Հասսան Պին Թալալի եւ Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ համագործակցութեամբ, նախաձեռնութեամբ Յորդանանի Ռոյալ կոչուած միջ-համայնքային ուսմունքի հաստատութեան եւ Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի, Ամմանի մէջ, 13 եւ 14 մայիսին, տեղի ունեցաւ ''դիմագրաւել ներկայի մարտահրաւէրները՝ դաստիարակութեամբ'' զրոյցի՝ 3-րդ հանգրուանը, որ կայացաւ բարեկամական եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։
Գիտաժողովի մասնակիցները նկատի առնելով, թէ մարդկութեան ապագան
երիտասարդ սերունդի ձեռքերուն մէջ կը գտնուի, առաջարկեցին մի քանի յորդորներ՝ բոլոր անոնց, որոնք կը գործեն դաստիարակչական մարզէն ներս, որոնց շարքին՝ նշենք. Երբեք չհրաժարիլ մտային հետաքրքրութենէն։ Ունենալ մտային քաջութիւն եւ ոչ թէ գէշ մտայնութիւն։ Ըլլալ խոնարհ եւ ոչ թէ մտաւորապէս ինքնահաւան։ Նկատի առնել մտային ամբողջականութիւնը։ Պահպանել մտային ինքնահատումը. Վստահիլ բանականութեան։ Ըլլալ անկողմնակալ եւ ոչ թէ անարդար։ Նկատել բազմատարրութիւնը իբրեւ հարստութիւն եւ ոչ թէ՝ սպառնալիք։







All the contents on this site are copyrighted ©.