2014-05-17 11:45:07

Գերապայծառ Անտոն Տուրքովիչի երանացման արարողութիւնը։


Շաբաթ, 17 մայիսին, Ռոմանիոյ Եազի քաղաքին մէջ, տեղի կ'ունենայ գերապայծառ
Անտոն Տուրքովիչի երանացման արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Սուրբերու դատի
Ժողովի կառավարիչ՝ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթոյին։
Գերապայծառ Անտոն Տուրքովիչ, ծնած է 17 մայիս 1888-ին, Աւստրիոյ Ալթէնպուրկ քաղաքին մէջ։ Ան, երկու տարի շարունակ, Ռոմանիոյ համայնաւարութեան տիրապետութեան շրջանին, հալածանքներու ենթարկուած է եւ սպաննուած է իր ունեցած զօրաւոր հաւատքին համար, Պուքարէսթի բանտին մէջ, 10 դեկտեմբեր 1951-ին։
Գերապայծառ Անտոն Տուրքովիչ, հակառակ՝ Ռոմանիոյ մէջ տիրող քրիստոնեաներու դէմ սպառնալիքներուն եւ հալածանքներուն, քաջաբար շարունակած է իր եպիսկոպոսական հովուական առաքելութիւնը, այցելելով իր թեմի ամբողջ ժողովրդապետութիւնները եւ քարոզելով Աւետարանը։
Ռոմանիոյ կառավարութիւնը, ջանացած է եկեղեցւոյ բոլոր մարտիրոսներու յիշատակները եւ հետքերը ջնջել եւ նոյնը իրագործած է Իազիի Եպիսկոպոսի նկատմամբ, անհետացնելով անոր ապրած տառապանքի յուշերը՝ բանտարկութեան շրջանի ընթացքին







All the contents on this site are copyrighted ©.