2014-05-16 12:17:56

''Յիսուսը ճանչնալու համար պէտք ենք աղօթել, անոր նմանիլ ու զայն ապրիլ, ուսումնասիրութիւնն ու գաղափարները բաւարար չեն''` Ֆրանչիսկոս Պապ։


Ուրբաթ, 16 Մայիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները կարդալու աւետարանը որ ''շատ անգամ - ըսաւ Ան - փոշիներու տակ թաղուած է որովհետեւ չի կարդացուիր''։
Մեկնաբանելով Յիսուսի խօսքը` ''Ես եմ ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք'', Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ թէ ''մեր կեանքի ամենակարեւոր գործը Յիսուսը Ճանչնալն է'' եւ այս ընելու համար հարկաւոր է բանալ երեք դռներ. Առաջինը Աղօթքն է` որովհետեւ առանց աղօթքի ուսումնասիրութիւնը ոչ մէկ բանի կը ծառայէ։ Յիսուսը ճանչնալու համար աղօթքը հարկաւոր է։ Երկրոդ դուռը Յիսուսը պարիլն է` խորհուրդներուն մէջ, որոնք մեզի կու տան կեանք, ուժ, սնունդ, մխիթարութիւն, դաշինք եւ առաքելութիւն։ Առանց խորհուրդներու մատակարարումին չենք կրնար ճանչնալ Յիսուսը։ Իսկ երրորդ դուռը` Աւետարանն է, որուն միջոցաւ կը ճանչնանք Յիսուսը, անոր կեանքը, գործունէութիւնն ու ուսուցումը եւ կը ջանանք Իրեն նմանիլ։
Այս երեք դռներէն մտնել կը նշանակէ մտնել Յիսուսի խորհուրդին մէջ եւ միմիայն երբ կարենանք այդ խորհուրդին մէջ մուտք գործել կրնանք զինք լաւապէս ճանչնալ ու այս կը նշանակէ` աղօթել, Անոր նմանիլ ու Զայն ապրիլ, գտնելու համար ճշմարտութեան եւ կեանքի առաջնորդող ճանապարհը։
''Ձեռքդ առ Աւետարանի գիրքը. Բաց զայն. Կարդա՛ ու մէջը պիտի գտնես թէ ինչպէս կարելի է նմանիլ Յիսուսին'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.