2014-05-16 08:47:52

Հայ ընտանիքին գլխաւոր մարտահրաւէրները


RealAudioMP3 Այսօր ընտանիքը ընդհանուր արմամբ ճգնաժամի մէջ է : Շատցած են ամուսնալուծումները, թուլցած ու քայքայուած են ընտանիքները : Այսօր աւելի քան երբեք պէտք է կարեւորել ընտանիքի առաջնահերթութիւնը եւ պահպանումը, ինչպէս նաեւ ընտանեկան արժեհամակարգի դեմ դուրս եկած մարտահրաւէրներու յաղթահարումը:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ''Ընտանիք'' նիւթին մասին, խորհրդածութեան մը ժամանակ, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբեր 2014-ին նախատեսուած` ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին ըսած էր. « Ընտանիքը մարդկային ընկերութեան հիմնական բջիջն է... Ի սկզբանէ Արարիչը օրհնեց այրն ու կինը, որպէսզի պտղաբեր ըլլան եւ բազմանան: Ուստի, Ընտանիքը աշխարհի մէջ կը ներկայացնէ Աստուծոյ արտացոլումը` մէկ եւ երրեակ»: «... Ընտանիքը այսօր, շարունակեց Պապը արհամարուած է, չարաշահուած է ու մեզմէ կը պահանջուի ապացուցել ընտանիքի վերապահուած Աստուածային լուսաւոր ծրագիրը եւ զոյգերուն օգնել իրենց կեանքը ուրախութեամբ ապրելու, աջակցելով անոնց ապրած դժուարութիւններուն» :
Ընտանիքը` հասարակութեան հիմքն է: Ան ոչ թէ վկայութիւն կամ պայմանագիր է, այլ սիրոյ ուխտ է: «Ընտանիք» կը նշանակէ սերնդատուութիւն, պատասխանատուութիւն, եւ ազատութիւններու զոհաբերում: Եկեղեցին սրբացուց այս գաղափարը: Ընտանիքը իւրայատուկ մէկ դպրոց մըն է մարդու ամբողջականութեան մասին:
Համահայկական հիմնախնդիրներու «Արեգ» գիտավերլուծական կեդրրոնի փոխնախագահ, վեր. Սամուել Նաւոյեան, ընտանիքի վերաբերեալ գիտաժողովի մը ընթացքին յայտարարած է թէ ընտանիքի դէմ առաջին մարտահրաւէրը սեռական փոքրամասնութիւններն են. «Այս այլասերուածութիւնը, որ եղած է հին աշխարհի կործանման պատճառը, կը ներկայանայ նաեւ մեր ժամանակներուն: Այսօր համատարած բնոյթ ստացած գենդերային հաւասարութիւնը կը պաշտպանէ միասեռականներու իրաւունքներն ու կ՛աղաւաղէ աւանդական ընտանիքի գաղափարը: Գենդերային հավասարութեամբ կինը կը կորցնէ իր կանացիութիւնը, իսկ տղամարդը՝ առնականութիւնը» :
Նոյն այս գիտաժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ համասեռամոլ (միասեռական) ընտանիքներու կողմէն որդեգրուած երեխաներուն: Բանախօսներու խօսքերով հետազոտութիւնները ցույց տուած են, որ նման միջավայրի մեծցող երեխաները աւելի յաճախ կը դիմեն ինքնասպանութեան: Ներկաներու համոզոմուվ այս երեւոյթը քրիստոնեական արժեքներու անկումն է, որ իր ետեւէն ծանր հետեւանքներ կը ձգէ:
Պէտք է նշել նաեւ որ ընկերա-տնտեսական խնդիրները, արտագաղթը եւ ընտանեկան բռնութիւնը դիտուած են որպէս հայկական ընտանիքներուն ամենալուրջ սպառնալիքները: ընկերա-տնտեսական խնդիրներու պատճառով Հայաստանի մէջ ընտանիքներու մեծ մասը շատ երեխաներ չեն բեռեր եւ կը բաւարարուին մէկ կամ երկու երեխայով: Ըստ 2011-ի մարդահամարի տուեալներու` Հայաստանի մէջ մէկ երեխայ ունի կանանց 12 տոկոսը, երկու երեխայ` 29 տոկոսը, երեք երեխայ` 20 տոկոսը, չորս երեխայ` 7 տոկոսը, իսկ հինգ եւ աւելի երեխաներ` ընդամէնը 4 տոկոսը:
Կանանց իրաւունքներով զբաղուող կազմակերպութիւնները կը հաստատեն թէ Հայաստանի մէջ կանանց 40 տոկոսն իրենց ընտանիքներուն մէջ բռնութեան առարկայ դարձած են: Կանայք գլխաւոր մասը չեն գիտեր օգնութեան որո՞ւ դիմել, քանի որ հասարակութիւնը կը նախընտրէ ժխտել խնդիրը, քան լուծելը: Ուստի Հայաստանի կանանց զգալի մասը ստիպուած է տարուայ մեծ մասը միայնակ կրել ընտանիքի ծանրութիւնը, քանի որ ամուսիններն արտագին աշխատանքի համար կը մեկնին` հիմնականօրէն Ռուսաստան, պաշտօնական տուեալներով` տարեկան 80-120 հազար հայաստանցի:







All the contents on this site are copyrighted ©.