2014-05-15 12:14:27

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 15 Մայիսի գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի, 15 մայիսի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ, Լիպերիոյ, Եւթոպիոյ, Սուտանի, Ճամայիքայի, Հարաւային Ափրիկէի եւ Հնդկաստանի` Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպանները անոնց հաւատարմագրերու ներկայացումին առիթով։ Ան ապա ժամը 11-ին ընդունեց Նոր Զելանտի ընդհանուր Կառավարիչ Տիար Երեմիա Մաթեփարէն, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։
Ժամը 11,30-ին Քլեմենթինա Սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ խումբ մը եպիսկոպոսներուն, որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Յայտնենք թէ Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսներուն Կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները սկիզբ առին 12 մայիսին եւ կը տեւեն մինչեւ 31 մայիս։ Սրբազան Քահանայապետին կը հանդիպին ընդամէնը 118 եպիսկոպոսներ, բաժնուած 9 խումբի` առաջինը խումբի հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 12 մայիսին։ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է 2006 թուականին. Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։
Նորանշանակ դեսպաններուն հետ հանդիպումի ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով զանոնք երախտագիտութիւն յայտնեց ի տես անոնց պատրաստակամութեան` ստանձնելու նոր առաքելութիւնը, ու խնդրեց որ երախտագիտական այս զգացումները փոխանցեն նաեւ իրենց երկիրներու Պետական իշխանութիւններուն։
Սրբազան Հայրը, ճառին մէջ, խօսքը կեդրոնացուց խաղաղութեան վրայ` որուն մէջ ներփակուած են – ըսաւ Ան­ բոլոր բարիքները որուն կը ձգտի ամէն անհատ ու ամէն մարդկային ընկերութիւն։ Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կէտնպատակն ալ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ` աճեցնել մարդկային ընտանիքի մէջ խաղաղութիւնը, զարգացումով եւ արդարութեամբ։ ''Կէտնպատակ մը որ լիովին չէ իրականացած եւ որ ամէն մէկ սերունդ պէտք է հետապնդէ, դիմագրաւելով ժամանակաշրջանի մարտահրաւէրներ'', հաստատեց Քահանայապետը ու խօսեցաւ ներկայ ժամանակաշրջանը յուզող մարտահրաւէրներուն մասին յատկապէս անդրադառանելով ''զէնքերու առեւտուրի եւ բռնի գաղթականութեան'' մասին։
Ամէնքը կը խօսին խաղաղութեան մասին, ամէնքը կ՛ըսեն որ կը ձգտին խաղաղութեան, սակայն ցաւոք սրտի` զէնքի վաճառականութիւնը կը մղէ հակառակ ուղղութեամբ։ Ասոր համար այս պահուս որ համախմբուած ենք այս առաքելական յարկին տակ, որ յատկանշուած է խաղաղութեան ի սպաս իր ծառայութեամբ, կրնանք մեր ձայները միացնել եւ յոյս յայտնել որ միջազգային հասարակութիւնը ձեռնարկէ նոր յանձնառումի մրցաշրջան մը կանխարգիլելու զինավաճառքը – յարեց Սրբազան Հայրը - ու ապա ակնարկեց բռնի գաղթի երեւոյթին որ դարձած է ''մարկային ողբերգութիւն''։ Ժամանակը հասած է – ըսաւ Սրբազան Հայրը - այս հարցը դիմագրաւելու բոլորը ներգրաւող քաղաքական լուրջ եւ պատասխանատու տեսակէտով։
Բռնի գաղաթականութեան երեւոյթը սերտօրէն կապուած է պատերազմներուն եւ հակամարտութիւններուն որոնք աշխարհի համար վէրքեր են, մեր այն աշխարհին, որուն մէջ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու պատասխանատու մեր եղբայր ու քոյրերուն հանդէպ, որպէսզի ոչ մէկ մարդ էակի արժանապատութիւնը ոտնակոխ ըլլայ։
''Սոսկալի հակասութիւն է խօսիլ եւ բանակցիլ խաղաղութեան մասին ու միեւնոյն ժամանակ զարգացնել եւ թոյլատրել զէնքի առեւտուրը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա ճառի աւարտին յայտնեց թէ ''Սուրբ Աթոռը այսօր կը հռչակէ ձեզի ու ձեր կառավարութիւններուն իր վճռականութիւնը շարունակելու համագործակցութիւնը որպէսզի դէպի յառաջ քայլեր առնուին այս ուղղութեամբ ու բոլոր այն ճանպարհներու ուղղութեամբ որոնք կը տանին արդարութեան եւ խաղաղութեան, հիմնուած տիեզերական գետնի վրայ ընդունուած Մարդու իրաւունքներուն վրայ։
Սրբազան Հայրը ճառը եզրափակեց ողջունելով ներկաները ու բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհունթիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.