2014-05-15 10:09:26

Փաքիստանի մահմետական պատասխանատուներու մեծարանքը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի։


Ներկայիս Փաքիստանի Լահոր քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ ցուցահանդէս մը նուիրուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի։ Մահմետական բազմաթիւ պատասխանատուներ մեծարեցին յիշատակը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի այցելելով լեհ Քահանայապետին նուիրուած ցուցահանդէսը, որ մեծապէս նպաստած է աշխարհի խաղաղութեան ու կրօներու միջերկխօսութեան։ Լահորի արքայական մզկիթի կրօնապետ` Ապտուլ Խապիր Ազատ յայտնած է. '' Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը աշխատեցաւ համայն մարդկութեան բարիքին համար, առանց որեւէ խտրականութեան։ Անոր անունը ողջ պիտի մնայ պատմութեան մէջ, որպէս մարդ մը որ յանձնառումով աշխատեցաւ խաղաղութեան կերտումին ու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացումին''։
Նշենք որ '' Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Փաքիստանը'' ցուցահանդէսը` կազմակերպուած է միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդէն եւ մեծ յաջողութիւն գտաւ քրիստոնեայ հնդու, մահմետական ու քաղաքացիական ընկերութենէն ու քաղաքագէտներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.