Լիբանանու իսլամ կրօնապետը ներկայացուցած է քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու հայող
դաշնագիր մը։ Արաբական աշխարհին սահմանուած նախաձեռնութիւն մը ։
Շէյխ Մուհամմատ Ռաշիտ Քաբբանի` Լիբանանու հանրապետութեան մեծ մուֆթին եւ մեծագոյն հեղինակութիւնը
սիւննի համայնքին, աշխատասիրած է իսլամ-քրիստոնեայ դաշնագիր մը։ Կրօնապետը 13 մայիս 2014-ին
դաշնագիրը ներկայացուցած է Մարոնիներու պատրիարք` կարտինալ Պշարա Ռայիին։ Դաշնագիրիին
նպատակն է վերջ դնել արաբական աշխարհին մէջ ապրող քրիստոներուն դէմ հալածանքի քաղաքականութեան,
որուն յետին նպատակն է կործանել քրիստոնեաներու ու մահմետականերու միջեւ գոյացող բարի
յարաբերութիւնները։ Կրօնապետը հաստատած է. ամէն անգամ որ Լիբանանի մէջ նախայարձակում
կը կատարուի քրիստոնեաներրուն դէմ այդ արարքը պէտք է նկատել նաեւ որպէս իսլամներուն դէմ
նախատինք ։