2014-05-15 09:36:47

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքի


RealAudioMP3 Յիրաւի, Աստուած ընտանիքը ստեղծեց, սիրեց, սրբացուց ու զայն ընտրեց որպէս Միածին Որդւոյն Ծննդեան օրրան։ Նոյնպէս, պատմական իրականութիւն է, ՆորԿտակարանի մէջ, Քրիստոսի, վերահաստատումը ընտանիքին, որպէս աստուածային արարչագործութեան հրաշքը։ Իրականութիւն է նաեւ, խաչի վրայէն Քրիստոս մօրը կը հռչակէ որպէս համայն մարդկութեան մայր յանձին Ս. Յովհաննէս առաքեալի “Ով կին ահա քու որդիդ” (Յով. 19,26 ) եւ Յովհաննէս առաքեալին միջոցաւ որդեգրուիլ աստուածային ընտանիքի “Ահա քու Մայրդ” ( Յով.19,27)։ Սակայն այս արժէքաւոր երեւոյթներէն դուրս, հարկ է ընդունիլ մարդկային ընկերութեան դարերու ընթացքին տարած անգնահատելի աշխատանքները Ընտանիքի հան­ դէպ սահմանումները զարգացնելով հասցուցին եաւագոյն մեկնաբանութեան։ Ինչպէս զայն կը նշմարենք, պատմութեան ընթացքին, գրագէտներու գիրքերուն մէջ յիշատակութիւններէն ։ “Ընտանիքը՝ հասարակութիւնն է մանրակէտ ձեւին մէջ, որու ամբողջականութենէն կախուած է ամբողջ մարդկային մեծ հասարակութեան անվտանգութիւնը” կ՛ըսէ ամերիկացի մանկավարժ Ֆելիքս Ատլերը։ (1851-1933): Հետեւաբար, էական է մեզի, հասկնալ թէ մենք ո՞վ ենք այս ընկերութեան մէջ և ի՞նչ են մեր իրաւունքներն ու պարտականութիւնները։
Եւրոպական մշակոյթի մէջ ընտանիքի հասկացողութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ կերպով. “խումբ մը անհատներ իրարու հետ միացած օրինական կանոններով, ինչպէս ամուսնու­ թիւնը, եւ արենակցական կապերով, իչպէս տոհմային յաջորդութիւնները։ Կարգ մը մարդաբաններ սակայն կը տարբերին իրենց կարծիքներով։ Անոնք, կը հաստատեն թէ բացի արենեկցական կապերուն, կան նաեւ տարբեր մշակոյթի հասարակութիւններ որոնք կ՛ապրին ընտանեկան ամբողջական իրականութիւնը արենակցական կապերէ դուրս”։ Այս բոլոր յայտարարութիւնները մէկ կողմ, եւ Մարդու իրաւունքներու 16 րդ կանոնը ընդհանրական յայտարարութիւնը միւս կողմ, որովհետեւ այս վերջինը կը հաստատէ հետեւեալ երեք կէտերը։
ա ­Այր մարդիկ եւ Կիները պատշաճ տարիքին, իրաւունք ունին ամուսնանալու եւ ընտանիք կազմելու, առանց որեւէ ցեղի, քաղաքացիական եւ կամ կրօնական խտրականութեան։ Անոնք հաւասար իրաւունքներ ունին ամուսնութեան մէջ, ընթացքին եւ ամուսնալուծումին ատեն։
բ ­Ամուսնութիւնը կը կատարուի միայն ու միայն երկու սեռի ամուսիններու ազատ եւ կատարեալ անկաշկանդ հաւանութեամբ։
գ ­Ընտանիքը բնական եւ էական կորիզն մըն է ընկերութեան. Ուստի իրաւունք ունի պաշտպանուելու ե՛ւ ընկերհասարակական ե՛ւ պետական իշխանութիւններէ։
Չեմ ուզեր զանազան երկիրներու ու պետութիւններու օրէնսդրութեան անդրադառնալ, քանի մարդու իրաւունքներու կանոնական 16 յօթուածը որդեգրուած է համաշխարհային իշխանութիւններու մեծամասնութեան կոմէն։ Մեր փափաքը աւելի կեդրոնացած կ՛ուզենք որ մնայ, ընտանիքի նկարագրին, որ ունի այժմէական հասարակութիւնը, կամ ընկերութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.