2014-05-15 10:08:39

50 տարի անցաւ Քահանայապետի մը միջազգային առաջին առաքելական ճամբորդութեան։


Երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Հռոմի Պապը եղած է առաջին Քահանայապետը որ առաջին միջազգային ճամբորդութիւն մը կատարած է Իտալիայէն դուրս։ Այդ թուականէն անցած են 50 տարիներ։ Արդարեւ 4 յունուար 1964-ին Ալիթալիա օդանաւային ընկերութեամբ, Պօղոս Զ մեկնեցաւ Ս. Երկիր համամիութենական արտակարգ նախաձեռնութիւն մը կատարելով։ Երուսաղէմի մէջ Ան հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս պատրիարք` Աթենակորասի հետ։ Հանդիպում մը որ յատկանշական էր, տրուած ըլլալով որ երկու եկեղեցիները իրարու հետ կապերը խզած էին 1000 տարիէ ի վեր։ Այդ թուականէն ասդին Քահանայապետերը սկսան յաճախ ճամբորդութիւններ կատարել։ Պօղոս Զ Քահանայապետը 9 առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց իտալական սահմաններէն դուրս։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը աշխարհի բոլոր երկիրները շրջող քահանայապետ հանդիսացաւ։ Ան իր 27 տարիներու քահանայապետութեան ընթացքին կատարեց 104 առաքելական ճամբորդութիւններ, այցելելով 129 պետութիւններ, կտրելով 1 միլիոն 200 հազար քիլոմեդր, որ կը համապատասխանէ 30 անգամ երկրի շրջանին։
Պենետիկտոս ԺԶ Հռոմի Պապը եօթը տարուայ քահանայապետութեան ընթացքին Իտալիայէն դուրս կատարեց 24 առաքելական ճամբորդութիւններ, իսկ Իտալիոյ մէջ` 30 ճամբորդութիւն։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք ճամբորդեց դէպի Իտալիոյ Լամբետուզա կղզին հանդիպում ունենալով հիւսիսային Ափրիկէի փախստականներուն եւ գաղթականներուն հետ։ Ապա առաքելական ճամբորդութիւն կատարեց դէպի Պրազիլի` Ռիօ տէ Ժանեյրօ, տօնախմբելու երիտասարութեան համաշխարհային օրերը։ Անիկա եղաւ իր անդրանիկ ճամբորդութիւնը Իտալիոյ սահմաններէն դուրս։
Մայիս 24-26 2014 ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը պատրաստուի ճամբորդել դէպի Ս. Երկիր վերակոչելու Պօղոս Զ Քահանայապետին ուխտագնացութեան 50-րդ տարեդարձը եւ պիտի կրկնէ պատմական ողջագուրումը Կ.Պոլսոյ յոյն օրթոտոքս տիեզերական պատրաիարք Բարթողոմիոս Ա-ին հետ Երուսաղէմի ս. Թաղման տաճարին առջեւ։
Ալիթալիա իտալական օդանաւային ընկերութիւնը վերակոչելու համար առաջին քահանայապետին օդանաւով ճամբորդութիւնը, ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ նկարչական ցուցահանդէս մը կազմակերպած է, ուր կը ցուցադրուին Քահանայապետներու ճամբորդութիւններու ամենագեղեցիկ լուսանկարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.