2014-05-14 09:54:21

Պքերքէի մէջ. Ռայի Պատրիարք – Միւֆթի Քապպանի հանդիպում


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քապպանի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յանձնած է Լիբանանի մէջ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն միջեւ ազգային-բարոյական ուխտէն օրինակ մը:
Քապպանի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է երկրին շահերը պաշտպանելու սիրոյն սադրանքներուն վերջ տալ, ինչպէս նաեւ պահպանել Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը:
Միւֆթի Քապպանի խստիւ դատապարտեց Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներուն դէմ գործուած արարքները, յատկապէս նկատի ունենալով Գահիրէի, Աղեքսանդրիոյ, Իրաքի, Սուրիոյ եւ յատկապէս Մաալուլայի պատահարները:
Քապպանի հաստատեց, որ ինք եւ Ռայի պատրիարքը մտավախութիւններէ մեկնելով պատրաստած են այս ուխտը, որ բոլոր հոգեւոր պետերուն կողմէ պիտի քննարկուի. ան աւելցուց, որ իրենց մտավախութիւնը կը բխի Լիբանանի ազգային գոյակցութեան եւ համերաշխութեան պահպանումին նկատմամբ իրենց յանձնառութենէն:
Ան նկատել տուաւ, որ եթէ Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ որեւէ չարիք պատահի, անիկա ուղղուած կ՛ըլլայ նաեւ իսլամներուն դէմ:








All the contents on this site are copyrighted ©.