2014-05-14 09:52:37

Պան Քի Մուն Իպրահիմիի հրաժարիլը յայտարարեց


ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի հրաժարած է իր պաշտօնէն` նշելով, որ ան Սուրիոյ մէջ «բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեց»:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական բանակը Ալեքսանտրէթի մէջ ռումբ մը իյնալէն ետք ռմբակոծած է հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող դիրք մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.