2014-05-14 08:41:12

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 «Դժուարութեանց մէջ Աստուծոյ դիմել...»
Բոլորն ալ Ադամի ծնունդներ ըլլալով հանդերձ, մարդոց տեսականին շատ աւելի ճոխ է: Ասիկա անշուշտ կարելի չէ՛ համեմատել կենդանական տեսականիներուն, որոնց մէկ տեսակին մէջ իսկ բազմաթիւ տարբերութիւններ կը յայտնաբերեն մասնագէտներ:
Մարդոց տարբերութիւնները մանաւանդ փոխյարաբերական կեանքի ու շրջապատին հետ վարուելու պարագային մեծ կ՛ըլլան, որովհետեւ կարելի է ըսել, թէ ամէ՛ն մարդ իր մօտեցումը ունի այս իմաստով: Ոմանք՝ ինքնավստահութեան պակասի հետեւանքով յաճախակի օժանդակութիւն կը փնտռեն իրենց շուրջ գտնուողներէն: Երբեմն չկարենալով նոյնիսկ իրենց անձնական խնդիրներուն համար որոշում կայացնել, ընկերներու, բարեկամներու եւ ծանօթներու խորհուրդներուն կը դիմեն անոնք: Սակայն երբեմն անոնք ՝ այսինքն ՜՜նեղութեան ու դժուարութիւններու մէջ յայտնուած մարդիկ ՝՝ նման ՜՜ջուրը ինկած մարդոց՝՝ օձին փաթթուելու ալ ցանկութիւն կը յայտնեն, պարզապէս դուրս գալու համար զիրենք տագնապեցնող ու մտահոգիչ կացութենէն:
Այս մարդիկը մանաւանդ կը մոռնան աղօթել, որովհետեւ, աղօթելը գիտակից մարդու գործ է, նոյնիսկ եթէ կոյր հաւատքով կատարուի այդ: Իսկ այս մարդիկ շատ աւելի կը վստահին հեղինակաւոր մարդոց, քան Ամենակարող Աստուծոյ…
Համբաւաւոր մարդիկը ընտրող ու անոնց օգնութեան դիմող անձեր երկու երեւոյթներ նկատի չեն ունենար առհասարակ.
ա. Այն թէ, իրենց քրիստոնէական վարքի ճամբով անմահացած սուրբերր ո՛չ միայն կեանքի սովորական դժուարութիւններէ անցած են, որոնց մէջէն իրենք կ՛անցնին հիմա, այլ՝ շատ աւելի ծանր ու սահմռկեցուցիչ փորձութիւններ դիմակալած են, ու շատերն ալ նահատակութեամբ կնքած իրենց երկրաւոր կեանքը: Ուրեմն, եթէ փրկութեան ելք կամ խորհուրդ է փնտռուածը այս կեանքին համար, ամէնէն աւելի անո՛նք կրնան օգնել մեզի եւ ուղեցոյց դառնալ մեր կեանքին: Տասներեք տարիներ Խոր Վիրապին մէջ ճգնած մեր հաւատքի հայրը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, եթէ օրական միայն քանի մը ժամ մտածեց իր կրած նեղութիւններուն մասին, մեզմէ շատերուն կրած երբեմն քանի մը տարուան, ամսուան շաբթուան, օրուան կամ ժամուան նեղութիւններուն մասին կրնա՛յ ըսելիք ունենալ, կամ գէթ՝ համբերելու կերպեր ուսուցանել մեզի: Բայց այսքանին համա՛ր ալ գիտակցութիւն կը պահանջուի, այլապէս եկեղեցւոյ հնագոյն դարաշրջաններէն մինչեւ նորագոյն ժամանակներու սուրբերը կը դառնան իրենց ժամանակին մէջ սահմանափակուած ու նահատակութեամբ ալ իրենց կեանքը աւարտած սովորական մահկանացուներ:
բ. Անոնք կը մոռնան նաեւ, թէ իւրաքանչիւր մարդ արդէն ինք իր մտահոգութիւններն ու առօրեայ դժուարութիւնները ունի, եւ հազուագիւտ են ուրիշին օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստակամութիւն ունեցող անձերը: Ոմանք տխուր նիւթեր լսել իսկ չեն ուզեր եւ կը խնդրեն խօսակիցէն փոխել նիւթը: Ուրեմն, ինչո՞ւ դիմել մարդոց օժանդակութեան, երբ անոնց կարողութեան չափը, նեղութիւններու տոկալու սահմանափակ կարողութիւնը ու օժանդակելու հնարաւորութիւնները ծանօթ են բոլորին:
_ Դուն Իրե՛ն ՜՜Աստուծոյ՝՝ դիմէ… Անոր դիմողը թէեւ ժամանակաւոր ուշացումներ ալ ունենայ, սակայն անպայմա՛ն կը հասնի ըղձալի արդիւնքին՝ յաջողութեան, միշտ արդար ճանապարհներով…







All the contents on this site are copyrighted ©.