2014-05-14 11:33:05

Լիւտերական-կաթողիկէ երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի նախապատրաստական աշխատանքները սկիզբ առած են լաւագոյնս յիշատակելու բողոքական Վերանորոգումի Ե. դարադարձը 2017 թուականին։


12 – 20 մայիս 2014 տեղի կ՛ունենայ Լիւտերական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու երկխօսութեան միջազգային յանձնախումբի հանդիպումի երրորդ հանգրուանը։
2017-ին, Լիւտերականները եւ կաթողիկէները միասնաբար պիտի յիշատակեն բողոքական Վերանորոգում 500 տարեդարձը։ Լիւտերական-կաթողիկէ երկխօսութեան խառն յանձնախումբը եւս ուրախութեամբ կը յիշատակէ անոր արդիւնաբեր գործունէութեան 50 տարիները։
Մէկ կողմէն 2017-ի հեռանկարը կը քաջալերէ լիւտերականները եւ կաթողիկէները միասնաբար տօնախմբելու եւ վկայութիւն տալու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին առանցգին իրենց միատեղ հաւատքին։ Միւս կողմէն դարադարձը արթուն պէտք է պահել Եկեղեցւոյ բաժանումի ցաւալի իրականութիւնը խթանելու լիւտերականներն ու կաթողիկէները խիղճի քննութիւն կատարելու ոչ միայն անցեալի պատմութեան այլ եւ ներկայ կացութեան մասին։
Երկու եկեղեցիները իրազեկ են անցեալի փոխադարձ ամբաստանութիւններու, որ ներկայիս հարթուած են։
''Ընդհարումէն հաղորդութիւն'' վերջերս հրապարակուած տեղեկագիրը կ'եզրափակուի հրամայական 5 առաջարկներով ամրապնդելու հաղորդութիւնը երկու եկեղեցիներու միջեւ։
Առաջին` կաթողիկէները ու լիւտերականները պէտք են որպէս հեռանկար ունենալ միութիւնը եւ ոչ թէ բաժանումը։
Երկրորդ` երկու եկեղեցիները պէտք են պատրաստակամ ըլլան իրարու հանդիպելու ու հաւատքի վկայութիւն տալու։
Երրորդ` դրական քայլեր որդեգրել միութեան հասնելու համար։
Չորրորդ` միասին յայտնաբերել Աւետարանի ոյժը այսօրուայ մարդուն համար։ Հինգերորդ կաթողիկէներն ու լիւտերականները Աւետարանի քարոզութեան ու ծառայութեան մէջ պէտք են միասին Աստուծոյ շնորհքին վկայութիւն տալ յաչս աշխարհին։
Վերանորոգումի Ե. դարադարձի միասնաբար վերակոչումը եւ համամիութեան ի նպաստ աշխատանքը պէտք են ունենալ որպէս կէտնապատակ Յիսուս Քրիստոսը։ Ան է հիմը Եկեղեցւոյ եւ ամէնքս կանչուած ենք համոզիչ կերպով վկայութիւն տալու մեր քրիստոնէական հաւատքին որպէսզի աշխարհը հաւատայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.