2014-05-13 14:44:40

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 13 մայիսի քարոզը՝ ''Ով որ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ գիտէ, չի կրնար զԱստուած հասկնալ''


Երեքշաբթի, 13 մայիսի առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի
մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ,
ներշնչուելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումներէն, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց երկու խմբակներ.
Առաջին՝ սուրբ Ստէփանոսի հետեւորդները, որոնք ձուլուեցան՝ իրենց մէջ կրելով Աւետարանի սերմը եւ զայն տարածելով ամենուրէք։ ''Անոնք գացին եւ քարոզեցին հրեաներուն, ապա, բնական կերպով, անոնցմէ ոմանք՝ գացին Անտիոք եւ սկսան բանակցիլ Յոյներուն հետ, այսպէսով՝ անոնք, իրենց դռները բացին նաեւ հեթանոսներուն '' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ընդգծեց. ''այս մարդիկը չըսի'ն , թէ նախ եւ առաջ երթանք հրեաներու մօտ եւ ապա երթանք յոյներու եւ հեթանոսներուն մօտ, ոչ, անոնք թոյլ տուին, որ Սուրբ Հոգին առաջնորդէ զիրենք՝ հնազանդելով Անոր։
Երկրորդ` մտաւորականներու խումբը, օրէնքի մասնագէտները, որոնք մօտեցան Յիսուսին՝ տաճառին մէջ։ Ասոնք, երբեք՝ չեն հասկացած Յիսուսը։ Կը կարծէին, թէ կրօնքը միայն մտային եւ օրէնսդրական իրողութիւն մըն է. Այս մարդիկը՝ չէին երեւակայեր, թէ Սուրբ Հոգին գոյութիւն ունի, միշտ հարցումներ կ'ուղղէին Յիսուսին եւ կը վիճաբանէին Անոր հետ. ամէն ինչ՝ ըստ իրենց, անոնց գլխուն եւ մտքին մէջ է։ Սոյն մարդոց մէջ - ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապը - գոյութիւն չ'ունի՝ ոչ սիրտը, ոչ սէրը՝ գեղեցկութեան հանդէյպ եւ ոչ ալ՝ համերաշխութիւնը։ ''Ասոնք՝ մարդիկ են, որ միայն բացատրութիւններ կ'ակնկալեն'', յարեց Սրբազան Հայրը, ու ապա, եզրափակելով իր քարոզը՝ ըսաւ. ''Ահաւասիկ, երկու տեսակ մարդիկ, առաջինները քնքշութեան, համեստութեան, հլու` Սուրբ Հոգիին, իսկ երկրորդները՝ հպարտ, մակերեսային, անջատուած ժողովուրդէն եւ կախեալ միայն՝ միտքէ եւ որոնք, իրենց դռները փակ պահեցին՝ Սուրբ Հոգիին։
Դիտելով այս երկու խմբակները, հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը՝ հնազանդ ըլլալու Սուրբ Հոգիին հանդէպ, որպէսզի մեզ պաշտպանէ հպարտութենէն, մակերեսային կեցուածքներէն, սնապարծութենէն եւ Սուրբ Հոգիին առջեւ՝ մեր սրտի դռներու փակումէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.