Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան առթիւ Օրհներգ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յառաջիկայ 24-26 Մայիս ուխտագնացութիւնը կը կատարէ Սուրբ
Երկիր յիշատակելու` Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի եւ Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք
Աթենակորասի միջեւ կայացած հանդիպման 50-րդ տարեդարձը։ Ֆրանչիսկոս Պապի Սուրբ Երկիր
այցելութեան առթիւ տեղական Եկեղեցին յօրինած է հետեւեալ օրհներգը։ Քեզի հետ
կ’ընթանանք իբրեւ վկաներ Քրիստոսի, Ֆրանչիսկոսի քայլերուն վրայ սփռելով
«Խօսք»ին լոյսը: Քեզի հետ կը քալենք ինչպէս Մարիամ` Ծննդեան լոյսով` Կը
պահպանենք Մկրտութեան ջուրով ստացած ուխտը: Մեր Փրկչին Խաչին զօրութիւնը
մեզ կը պաշտպանէ, Ու զԱյն մեզի հետ կը տանինք երբ ստրկութեան մէջ ապրողներուն
բարի լուրը կ՛աւետենք: Մարդկային ամէն էակի մէջ քեզի հետ կը փնտռենք
Արարչին դէմքը: Սէ՛ր կը սերմանենք որ պիտի ծաղկի ուրախութեամբ. Կը
վկայենք մեր Փրկչին հաւաատքը, Եկեղեցին, Որ մեզ կը կենդանացնէ իր Խորհուրդներով. Որ
մեզ կը սնուցանեն ու մենք կը յառաջանանք խորասուզուած հաւատքի մէջ: Մարդոց
մէջ` քեզի հետ կը հագուինք գթութեան «վերարկու»ն, Երկրի ազգերու մէջ
դառնալով խաղաղութեան առաքեալներ: Մեր Փրկչին Աւետարանը Լոյսն է, որ
կ’առաջնորդէ մեզ: Ուրեմն, ապրինք այս Խօսքով եւ ընթանանք ներդաշնակութեան
փնտռտուքով: Քեզի հետ միասին Սուրբ Երկրէն կը բարձրացնենք մեր աղօթքները, Կ’աղօթենք
Արեւելքի համար, որ կը տառապի ու կորսնցուցած է իր ճանապարհը: Թո՛ղ
մեր Փրկչին Սէրը մեզ ազատէ եւ ճոխացնէ. Զգենունք ուրեմն այս Սէրը եւ
ընթանանք ազատութեան ա՛յս ուղիէն: Քեզի հետ կ’երգենք Յարութիւնը ու
կը հռչակենք կեանքը` Վկայելով Պետրոսը, որ անգամ մը եւս կը հանդիպի
իր եղբայրներուն: Յիսուս` մեր Փրկիչը, մեզմէ միութիւն կը խնդրէ. Լսե՛նք
զԻնք եւ ընթանանք զԻնք ունկնդրելու տրամադրութեամբ: