2014-05-13 08:42:32

Տոնեցք եւ Լուհանսք արտայայտուեցան ի նպաստ Ուքրանիայէն անջատման։


Տոնեցքի եւ Լուհանսքի շրջաններուն մէջ քուէարկողներուն յաջորդաբար 89 առ հարիւրն ու 96 առ հարիւրը արտայայտուեցան ի նպաստ Ուքրանիայէն անջատման:
Քրեմլին հրապարակեց կարճ յայտարարութիւն մը, որով հանրաքուէները նկատեց «ժողովուրդի կամքը» եւ «մասնակցութեան բարձր համեմատութիւն»-ը ընդգծեց:
Ռուսական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ իրենք կը սպասեն, որ քուէարկութեան արդիւնքը գործադրուի քաղաքակիրթ ձեւով` առանց բռնարարքի կրկնութեան: Անոնք նաեւ կոչ ուղղեցին Քիեւի, Տոնեցքի եւ Լուհանսքի միջեւ երկխօսութիւն կատարելու` նշելով, որ ԵԱՀԿ-ը կրնայ այդպիսի երկխօսութեան մը կազմակերպման օժանդակել:
Քրեմլին դատապարտեց «քուէարկութիւնը ուժի, ներառեալ` քաղաքայիններու դէմ ծանր զէնքերու օգտագործումով խանգարելու փորձերը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ միջազգային նոր բանակցութիւններ կատարելու ծրագիրներ գոյութիւն չունին, եւ Արեւմուտքը ամբաստանեց Ուքրանիոյ հարցով «տեղեկատուական շրջափակման» եւ «ամօթալի սուտերու» տարածման յանցանքով:
Արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք եւ Լուհանսք շրջաններուն մէջ շարք մը քաղաքներ մերժեցին հանրաքուէ կատարել: Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղած էր երկխօսութեան յարմար մթնոլորտ ստեղծելու համար հանրաքուէն յետաձգելու:
Կը նախատեսուի, որ վերոնշեալ շրջանները կիրակի, 18 մայիսին դարձեալ հանրաքուէ կատարեն` այս անգամ Ռուսիոյ միանալու հարցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.