''Պէտք Է գտնենք Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու ձեւ մը''`. Ֆրանսայի Նախագահ։
«Մենք պէտք է գտնենք Հայաստան Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու այնպիսի ձեւ մը, որ
չի հակասեր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելուն»: Այս մասին երէկ հայ-ֆրանսական
տնտեսական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ առաջին
անգամ ըլլալով պետական այցելութեամբ ժամանած է Հայաստան: «Մենք չենք ստիպեր Հայաստանին,
որ այնպիսի ընտրութիւն կատարէ, որ կը հակասէ իր շահերուն, այդ մասին ես խօսած եմ Սերժ
Սարգսեանի հետ Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին», յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտ։ Անդրադառնալով
հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման` նախագահ Հոլլանտ նկատել տուաւ,
որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին 500 հազար հայեր, բայց երկու երկիրներուն տնտեսական արդիւնքները
սերտելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ շատ ընելիքներ կան այդ ուղղութեամբ. պէտք է նախ Ֆրանսայի
գործարար հանրութեան ծանօթացնել հայաստանեան շուկան: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ոգեւորիչ
նկատեց այն հանգամանքը, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի հետ պիտի այցելեն ֆրանսական «Քարֆուր»
մեծ հանրախանութներու ցանցի երեւանեան կեդրոնը` տեսնելու, թէ ո՞ր ֆրանսական եւ հայկական
ապրանքները պիտի առաջարկուին յաճախորդներուն: «Մենք կը ցանկանք աջակցիլ Հայաստանին
թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ», եզրափակեց Հոլլանտ: Նախագահ Սերժ Սարգսեան
յայտնեց, որ Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ ուժանիւթ
ներմուծելու մրցունակ գիներով` 30 տոկոս զեղչով, ինչ որ եւս մեծ խթան է տնտեսութիւնը
զարգացնելու համար: Նախագահ Սարգսեան հերքեց այն լուրերը, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը
կրնայ խոչընդոտել ներդրումները, որոշ ապրանքատեսակներու սղութեան պատճառով. «Հիմնական
հումքերի եւ ապրանքատեսակներու մասով մենք արդէն բանակցային հոլովոյթին մէջ ունինք համաձայնութիւններ,
երկրորդ` Հայաստանի կառավարութիւնը ունի գործիքներ, որոնցմով կը խրախուսէ տուեալ ներդրողին,
եթէ ժամանակի ընթացքին ըլլան որոշակի փոփոխութիւններ, կապուած հումքի ներմուծման հետ:
Կ՛ուզեմ ըսել, որ այստեղ շատ հանգիստ կարելի է ըլլալ»: Նախագահներ Սարգսեան եւ Հոլլանտ
այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգելու
համար մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: