2014-05-13 08:50:46

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները կառուցողական բանակցութեանց սկսելու կոչ կ՛ընեն։


ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմինիաՆաու».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահներ Ճէյմզ Ուորլիք, Իկոր Փոփով եւ Ժագ Ֆոր ղարաբաղեան հակամարտութեան հրադադարի 20ամեակին առթիւ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ առաջարկելով տարածաշրջանի բնակիչներուն լաւապէս մտածել վերջին երկու տասնամեակներու իրադարձութեանց մասին:
ԵԱՀԿի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ միջնորդները կոչ ըրած են հակամարտութեան կողմերուն «կառուցողական, բարեխիղճ բանակցութիւններ»ու սկսելու՝ խաղաղութեան հասնելու համար:
Ընդունելով հանդերձ, որ 1994ի համաձայնագիրը «վերջ դրաւ պատերազմին, կանգնեցուց նախորդ տարիներու աղէտալի բռնութիւնները եւ հիմք ստեղծեց բանակցութիւններուն համար»՝ նախագահները նաեւ ընդգծած են, որ միայն հրադադարի համաձայնագիրը «չի կրնար լուծել հակամարտութիւնը»:
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն համաձայն՝ կողմերը բաւարար փափաք չեն ցուցաբերեր՝ «օգտուելու համար համանախագահող երկիրներուն շնորհիւ ստեղծուած հնարաւորութիւններէն, կամ ընդունելու համար քաղաքական որոշումներ, որոնք անհրաժեշտ են խաղաղութեան գործընթացին մէջ յառաջխաղացք ապահովելու»:
Վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման առաջարկուած հիմնական սկզբունքներն ու տարրերը՝ միջնորդները ընդգծած են, որ նման կարգաւորում՝ «անկարելի է առանց հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն միջեւ վստահութեան ու փոխըմբռնման առկայութեան»:
«Մենք կողմերուն կոչ կ՛ընենք երկու ժողովուրդներուն միջեւ աշխոյժ ծրագիրներու եւ միջոցներու ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ ընդարձակելու վստահութիւն ներշնչող քայլեր, խաղաղութեան գործընթացին ի նպաստ: Հայերն ու ատրպէյճանցիները արժանի են ապրելու խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ, եւ մենք պատրաստ ենք օգնելու այդ նպատակին հասնելու ջանքերուն: Կողմերը պէտք է նախաձեռնեն անհրաժեշտ միջոցներու՝ խաղաղութիւն ապահովելու համար», աւելցուցած են համանախագահները:








All the contents on this site are copyrighted ©.