2014-05-12 09:08:30

Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները Սուրբ Պետրսոի յաջորդին


12 – 31 Մայիս 2014, Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները հերթաբար կը ժամանեն Հռոմ` կատարելու համար իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Երկուշաբթի 12 Մայիսին, Մեքսիքոյի 10 թեմերու եպիսկոպոսներու առաջին խումբ մը կը հանդիպի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։ Յայտնենք թէ հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները առիթ են Տիեզերական Եկեղեցւոյ Հովուապետին հետ հանդիպելու ու անոր փոխանցելու եւ իր հետ քննարկելու տեղական եկեղեցին դիմագրաւող հարցերը ու ձեռք բերած յառաջդիմութիւնները։ Հռոմ կեցութեան ընթացքին Եպիսկոպոսները առիթ կ՛ունենան հանդիպիլ նաեւ Սուրբ Աթոռի զանազան Ժողովներու եւ Վերին իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ։

Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսներուն Կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները կը տեւեն մինջեւ 31 մայիս։ Սրբազան Քահանայապետին կը հանդիպին ընդամէնը 118 եպիսկոպոսներ, բաժնուած 9 խումբի։ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է 2006 թուականին. Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.