Ռայի Պատրիարքը ողջունեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերու ջանքերը։
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ
բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը
ողջունեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն գործադրած ապահովական միջոցառումները` ամրապնդելու
համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ
ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն
ու նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ
գաղթականներու հարցերու նախարար Ալի Շապթինին: Քննարկուեցան աւելի քան երեսուն տարի
ետք Պրիհի բնակչութեան տունդարձի ձեռնարկին կարեւորութիւնը: